Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօրակցութիւն` Արցախահայութեան

December 11, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կոռնիձոր, Սիւնիք, Հայաստան. Արցախի համայնապատկերով:
Լուսանկարի հեղինակ` Սքաութ Թիւֆանքճեան:

Արցախահայութեան ֆիզիքական, հոգեբանական եւ տնտեսական վնասները մեղմելու նպատակով անյապաղ օգնութեան եւ երկարաժամկէտ վերականգնումի ջանքեր արդէն իսկ կը գործադրուին զանազան մակարդակներու վրայ: Ազրպէյճանի ռազմական յարձակումին պատճառով աւելի քան հարիւր հազար հայ բռնի տեղահանուելով` դարձած է գաղթական:

Աղէտին հետեւանքները կարելի եղածին չափ ամոքելու համար «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութիւնը մշակած է երեք մասերէ բաղկացած ռազմավարութիւն մը. ցուցաբերել հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն, իրականացնել մշակութային ժառանգութեան վերահսկում եւ կատարել Արցախի ժողովուրդին կրած կորուստներուն վերաբերեալ հետազօտութիւններ:

Հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւնն ու ապրուստի միջոցներու վերականգնումը պիտի իրականացուի այս ոլորտներուն մէջ փորձառութիւն ունեցող երեք կազմակերպութիւններու կողմէ: Հիմնարկութիւնը նպաստներ պիտի յատկացնէ «Հայաստանի մանուկներ» բարեգործական հիմնադրամին (COAF), «Մերձաւոր Արեւելքի հիմնադրամ»-ին (Near East Foundation, NEF) եւ «Մենք ենք մեր սարերը» տարածքային զարգացման գործակալութեան, որպէսզի անոնք տեղւոյն վրայ օգնութիւն ցուցաբերեն փախստականներուն:

Դէմ դնելու համար Արցախի հայկական նիւթական ժառանգութեան ոչնչացումին եւ կեղծումին, հիմնարկութիւնը նաեւ պիտի օժանդակէ ժառանգութեան վերահսկումի աշխատանքներուն: Ֆրանսայի Արեւելեան լեզուներու եւ քաղաքակրթութիւններու հիմնարկի (INALCO) հետազօտական խումբը Հայաստանի իր գործընկերներուն հետ պիտի պատրաստէ փորձագիտական փաստաթուղթեր` հայկական նիւթական ժառանգութիւնը համակարգուած ներկայացնելու համար: Նախագիծը պիտի ներառէ վտանգուած աւելի քան 2000 յուշարձան, ինչպէս` հնագոյն եկեղեցիներ, վանքեր եւ խաչքարեր:

Հետազօտական աշխատանքը եւ ուսումնասիրութիւնները հիմնարկութեան գործունէութեան երրորդ ոլորտն են: Պատերազմին պատճառներուն եւ հետեւանքներուն վերաբերեալ ընթացիկ վերլուծական հետազօտական նախագիծը պիտի շարունակուի եւ զարգանայ. անոր պիտի աւելնայ բանաւոր պատմութեան հետազօտութեան բաղադրիչը: Նպատակն է յիշողութեան փաստագրումի միջոցով արձանագրել կորուստները եւ գրանցել յիշողութիւնները, ներառեալ` գիւղերու նկարագրութիւնները, տեղական նիւթական եւ ոչ նիւթական մշակոյթն ու ժառանգութիւնը, սովորոյթներն ու աւանդոյթները, ինչպէս նաեւ` Արցախի եզակի բարբառը:

Լոնտոնի «Սուրբ Սարգիս բարեգործական հիմնադրամ»-ը նոյնպէս պիտի միանայ մեր աշխատանքին, նպաստ յատկացնելով հոգեբանական-ընկերային աջակցութիւն եւ ապրուստի միջոցները վերականգնող նախաձեռնութիւններ իրականացնող կազմակերպութիւններու:

 

 

Նախորդը

«Նոր Հայ, Նոր Հայաստան, Նոր Սփիւռք». Խաղաղութիւն Ամենեցո՛ւն…

Յաջորդը

Յիշողութենէ, Բարոյականէ Եւ Խիղճէ Մերկացած Խռով Աշխարհի Դիմաց

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.