Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ողջունեց Հայ Մանուկները Ծաղկազարդուած Անթիլիասի Մայրավանքէն

April 2, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս տարի եւս, հարիւրաւոր մանուկներ իրենց ծնողներով փութացած էին Անթիլիասի մայրավանքը հոգեւոր ցնծութեամբ դիմաւորելու Քրիստոսի թափօրով Երուսաղէմ մուտքի տօնը: Արդարեւ, տարիներու ընթացքին հայ մանուկներու կեանքին մէջ ցնծութիւն յառաջացնող Քրիստոսի երկրաւոր կեանքին առնչուած այս դէպքը բնական ընթացքով դարձած էր Մանուկներու օր: Արամ Ա. կաթողիկոս կարեւորութեամբ շեշտեց այս երեւոյթը` Անթիլիասի մայրավանքին մէջ մանուկներու յատուկ թափօր կազմակերպելով եւ մանաւանդ հայ մանուկները իրենց ծնողներով ընդունելով վեհարանին մէջ ու անոնց բաշխելով իր հայրական օրհնութիւնը:

Մեծ թիւով հաւատացեալներ ներկայ էին Ծաղկազարդի սուրբ եւ անմահ պատարագին` հարիւրաւոր մանուկներու կողքին: Օրուան պատարագիչն էր Նորայր եպս. Աշըգեան: Դպրեվանքի սարկաւագներուն եւ սաներուն հետ միասին մեր մանուկները մաս կազմեցին աւանդական թափօրին, զոր կը գլխաւորէր պատարագիչ սրբազանը:

Թափօրի աւարտին, վեհափառը վեհարանի պատշգամէն իր խօսքը ուղղելով մայրավանքի շրջափակը լեցուցած մանուկներուն ու ծնողներուն ըսաւ. «Ի՛նչ հոգեպարար երեւոյթ է սա` տեսնել ուրախութեամբ համակուած մեր հարիւրաւոր մանուկները, որոնք հաւատքի մղումով դիմաւորելու եկած են Քրիստոս: Վստահ եմ, որ Աստուծոյ Որդին կը հրճուի ի տես հաւատքի այս գեղեցիկ արտայայտութեան: Այսպէս եղած է մեր ժողովուրդը իր պատմութեան ընթացքին: Իր հաւատքի զօրութեամբ ան ապրած ու ստեղծագործած է եւ գոյատեւած պատմութեան փոթորիկներուն մէջ»: Վեհափառը կոչ ուղղեց հայ ծնողներուն մեր հոգեւոր, բարոյական եւ ազգային արժէքներով ու աւանդութիւններով կրթելու մեր զաւակները: Ան ըսաւ, որ հայ ընտանիքը մեզի համար սրբութիւն է, որովհետեւ անիկա որոշ իմաստով եկեղեցի է, դպրոց է եւ հայրենիք: Ա՛յս գիտակցութեամբ պէտք է հայ ընտանիք կազմենք. ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ծնողները պէտք է իրենց առաքելութիւնը կատարեն` դաստիարակելով իրենց զաւակները:

Վեհափառին խօսքէն ետք պատարագը շարունակուեցաւ, ապա մանուկները իրենց ծնողներուն հետ միասին վեհարան բարձրացան` ստանալու համար վեհափառին օրհնութիւնը:

Նախորդը

«Ազդակ» Մօտ Օրէն Պիտի Ներկայացնէ Ֆրանսայի Ներքին Տեղեկահաւաքի Կեդրոնական Տնօրէնութեան Զեկուցումը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.