Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ե՞րբ Պիտի Սորվին Տարրական Քաղաքավարութիւն

December 1, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Հանրային-հասարակական կեանքի մէջ կան երեւոյթներ, որոնք ոչ միայն հիասթափութիւն եւ յուսախաբութիւն, այլ նաեւ վրդովանք կը պատճառեն: Այդ երեւոյթներէն մէկը քաղաքավարութեան պակասն է:  Օրինակներով խօսինք մտքերը պայծառացնելու համար.

Յաճախ պատահած է, որ մէկէ մը խնդրանք մը ստացած ենք եւ այդ խնդրանքը անմիջապէս կատարած ենք: Սակայն խնդրողը երբեք տարրական քաղաքավարութիւնը չէ ունեցած իր շնորհակալութիւնը յայտնելու: Երբեմն խնդրանքներ կատարելու համար մեր ժամանակէն, հանգիստէն ու նիւթականէն բան մը տուած ենք եւ այս ամէնուն փոխարէն` դոյզն իսկ խօսք մը չենք լսած նպաստընկալէն: Մենք մեզի հարց տուած ենք. «Արդեօք ո՞ւր մնաց քաղաքավարութիւնը»:

Պատահած է, որ հրաւէր մը ղրկած ենք հաստատութեան մը ղեկավարին, կամ մշակութային, կամ քաղաքական կազմակերպութեան մը նախագահին, կամ եկեղեցական առաջնորդի մը` ներկայ գտնուելու կարեւոր հանդիսութեան մը: Հրաւէրին հետ նաեւ տուած ենք ժամկէտ մը, որպէսզի մեզի յայտնէր, թէ հրաւիրեալը պիտի կրնայ պատուե՞լ մեզ իր ներկայութեամբ, թէ՞ ոչ: Ժամկէտը եկած ու անցած է, բայց ոչ մէկ պատասխան ստացած ենք:

Փորձած ենք քաղաքավար յիշեցում մը ընել, բայց` դարձեալ լռութիւն… Կրկին հարց տուած ենք մենք մեզի. «Ո՞ւր մնաց քաղաքավարութիւնը: Ե՞րբ պիտի սորվին քաղաքավարութիւն»:

Մեր հեղինակած գիրքերէն օրինակ մը նուիրած ենք պաշտօնակիցի մը, կամ հաստատութեան մը, կամ ականաւոր անձնաւորութեան մը, օրեր, շաբաթներ անցած են նուիրատուութեան թուականէն, բայց` ոչ մէկ լուր նուէր ստացողէն: Մտահոգուած ենք, թէ արդեօք մեր ղրկածը կորսուա՞ծ է: Եւ երբեմն ստիպուած ենք ստուգելու, թէ նուէրը իր տեղը հասա՞ծ է, թէ՞ ոչ: Եւ վերջապէս իմացած ենք, որ նուէրը ատենին ճիշդ հասցէին հասած է: Դարձեալ հարց տուած ենք մենք մեզի. «Ո՞ւր մնաց քաղաքավարութիւնը: Ե՞րբ պիտի սորվին քաղաքավարութիւն»:

Կը հաւատանք, որ հանրային կեանքի նուիրուած ոեւէ անհատ, վճարովի կամ անվճար, աշխարհական թէ եկեղեցական, երբ անձէ մը կամ հաստատութենէ մը հրաւէր մը կը ստանայ, նուէր մը կամ ծառայութիւն մը կ՛ընդունի, կամ իրմէ խնդրանք մը հայցուի, գէթ տարրական քաղաքավարութիւնը կը պահանջէ, որ պատասխան մը տայ անյապաղ կամ շնորհակալական ժեսթ մը ցոյց տայ:

Հաւանաբար մեզմէ շատեր մեր մանկութեան մատղաշ տարիքին իսկ սորված ենք քաղաքավար ըլլալ, երբ ուրիշէ մը նուէր կը ստանանք, երբ մեզի հարցում մը ուղղուի, քաղաքավարօրէն պատասխանենք, կամ երբ մեզմէ խնդրանք մը հայցուի, կարենանք քաղաքավարօրէն ըսել մեր այոն կամ ոչը:

Եթէ անհատ մը, մանաւանդ` հանրային կեանքի մէջ ղեկավար դիրքի տէր մէկը, չէ սորված կեանքի դպրոցին մէջ այդ տարրական եւ անհրաժեշտ դասը, արդեօք ե՞րբ պիտի սորվի:

Անքաղաքավարութիւնը մարդկային բնութեան ախտաւոր յատկանիշներէն մէկն է, եւ այս արգահատելի վարք ու բարքով մարդիկ կը վխտան ամէն ասպարէզի մէջ եւ ամէն տարազի ներքեւ: Մտածենք պահ մը եւ մեր անձին վրայ կրենք ցաւը, թէ որքա՛ն յուսախաբութիւն կը զգանք, երբ մարդիկ անփոյթ եւ անքաղաքավար վարմունք ցոյց կու տան: Մարդկային ազնուութիւնը կը պահանջէ, որ քաղաքավար ըլլանք եւ ցոյց տանք այդ առաքինութիւնը մեր անձին օրինակովը` մեր նմաններուն, ի՛նչ դասակարգի մարդիկ ալ ըլլան անոնք:

 

 

 

Նախորդը

«Զարմանազան 2024»

Յաջորդը

Նոր Տարուան Կարօտներ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.