Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ամօթալի Գրաքննութիւնը` Թուրքիան Սեւ Ցանկի Վրայ Դնող Զեկոյցի Մը Վերաբերեալ

April 2, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Իւրաքանչիւր անցնող օրուան հետ կը բացայայտուի Թուրքիոյ վատ վարքագիծը քողարկելու Օպամայի վարչակազմին ամօթալի նոր դաւադրութիւնները:

Վերջին խայտառակութիւնը կապուած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան քողարկուած փորձին հետ` Միջազգային կրօնի ազատութեան հարցով Ամերիկայի յանձնաժողովի (USCIRF) զեկոյցին բովանդակութիւնը փոխելու վերաբերեալ: Զեկոյցին մէջ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը դատապարտուէր քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու կրօնական իրաւունքները ոտնահարելուն համար: Յանձնաժողովը Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կողմէ հիմնուած անկախ, երկկուսակցական ու դաշնակցային մարմին մըն է, որ կրնայ «առաջարկներ ընել կրօնական ազատութեան պաշտպանութեան վերաբերեալ` զերծ մնալով արտաքին քաղաքականութեան նկատառումներէն», ըստ յանձնաժողովի անդամներէն մէկուն:

Մարտ 20-ին յանձնաժողովը հրապարակեց մեծածաւալ զեկոյց մը, որուն մէջ մանրամասնօրէն կը նկարագրուին «թրքական կառավարութեան կողմէ կրօնի կամ հաւատքի ազատութեան նկատմամբ կիրարկուող շարունակական եւ արտասովոր սահմանափակումները, որոնք բացասական անդրադարձ ունին Թուրքիոյ բոլոր կրօնական համայնքներուն վրայ եւ յատկապէս կը սպառնան երկրի ոչ իսլամ կրօնական փոքրամասնութիւններուն»:

Նոյն զեկոյցով կ՛առաջարկուի, որ Ամերիկայի կառավարութիւնը Թուրքիան ճանչնայ իբրեւ կրօնական ազատութիւնը ոտնահարող 16 վատագոյն պետութիւններէն մէկը` Պուրմայի, Չինաստանի, Եգիպտոսի, Էրիթրիոյ, Իրանի, Իրաքի, Նիկերիոյ, Հիւսիսային Քորէայի, Փաքիստանի, Սէուտական Արաբիոյ, Սուտանի, Տաճիկստանի, Թիւրքմենստանի, Ուզպեքստանի եւ Վիեթնամի հետ միասին:

Յանձնաժողովին առաջարկով Թուրքիան կտրականապէս զիջեցաւ իր տեղը «վերահսկուող» երկիրներու ցուցակէն եւ անցաւ 16 «Յատուկ մտահոգութեանց առարկայ երկիրներ»-ու (CPS) սեւ ցուցակը:

Ինչպէս կ՛ակնկալուէր, թուրք պաշտօնատարները դիմեցին իրենց սովորական անարգական քարոզարշաւին` մերժելով յանձնաժողովին հրապարակած արդիւնքները: Առաւել անհանգստացնող էին Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան թրքասէրներուն նենգ գործողութիւնները: Յանձնաժողովին ինը անդամներէն մէկը` Նինա Շէյ, հրապարակած է ահազանգող յօդուած մը, որուն մէջ բացայայտած է այն ծածուկ ճնշումները, զորս Օպամայի վարչակազմը կը գործադրէր յանձնաժողովին վրայ` Թուրքիոյ դատապարտումը մեղմացնելու համար:

Նինա Շէյ Ամերիկայի հզօրագոյն «Նեշընըլ Ռիվիու» պարբերաթերթի իր յօդուածին մէջ յայտնած է, որ արտաքին գործոց նախարարի մարդու իրաւունքներու հարցերով օգնական Մայքըլ Փոսնըր, Օպամայի կողմէ նշանակուած յիշեալ յանձնաժողովի մէկ անդամին կողմէ տեղեկանալով, որ յանձնաժողովը 5 կողմ եւ 4 դէմ ձայներով որոշած է իր տարեկան զեկոյցին մէջ Թուրքիան ընդգրկել սեւ ցուցակին մէջ, ստիպած է յանձնաժողովի մէկ այլ անդամին, որ փոխէ իր դիրքորոշումը` յօգուտ Թուրքիոյ: Մինչ այդ, զեկոյցը արդէն հրապարակուած էր, եւ շատ ուշ էր փոխելու համար յանձնաժողովին առաջարկը, ուր Թուրքիան կը նշուի իբրեւ կրօնական ազատութեան հիմնական ոտնահարող: Ինչպէս կը պահանջուէր, զեկոյցը ներկայացուած էր նախագահ Օպամային, Միացեալ Նահանգներու  արտաքին գործոց նախարար Քլինթընին եւ քոնկրեսի ղեկավարներուն:

Հետագային պարզուեցաւ, որ Ուաշինկթընի մէջ Քըրքլենտի Նորթուեսթ համալսարանի նախագահ Տան Արկուն յանձնաժողովի այն անդամն էր, որուն ստիպած էին փոխել Թուրքիոյ մասին իր դիրքորոշումը: Հետաքրքրականը այն է, որ զեկոյցը հրապարակուելէ երկու օր ետք Շէյի, Արկուի եւ յանձնաժողովի երեք այլ անդամներու պաշտօնավարման ժամկէտները աւարտեցան:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, սուր կերպով արձագանգելով յանձնաժողովին կողմէ Թուրքիոյ հասցէին հնչած քննադատութեան, զեկոյցը ճանչցաւ «անվաւեր»: Ուաշինկթընի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Նամիք Թան զեկոյցը բնութագրեց որպէս` «քաղաքական դրդապատճառներով թելադրուած»: Յանձնաժողովի նախագահ Լէոնարտ Լէօ կարեւորութեան չարժանացուց Թուրքիոյ բողոքները: «Զիս չի հետաքրքրեր, թէ ի՛նչ կը մտածէ (Թուրքիոյ) արտաքին գործոց նախարարը, քանի որ այս զեկոյցը իրեն համար չէ, այլ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան համար է», Լէօ յայտնեց թրքական «Զաման» թերթին:

Ցաւօք սրտի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակը, EurasiaNet.org-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ շարունակեց քողարկել Թուրքիոյ վատ վարքագիծը` նշելով, որ` «Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը չի սատարեր Թուրքիան CPS-ի սեւ ցուցակին վրայ ներառումին, թէեւ կը կարծէ, որ կրօնական ազատութիւնը խթանելու հարցին մէջ Թուրքիան տակաւին ընելիքներ ունի»:

Յանձնաժողովին զեկոյցը կը ներառէր լուրջ մեղադրանքներու երկար ցանկ մը, որ կը մեղադրէր Թուրքիոյ կառավարութիւնը`

– «Խիստ կանոնակարգեր» կիրարկելու, «կրօնական խումբերու լիիրաւ օրինական կարգավիճակը մերժելու եւ բոլոր կրօնական համայնքներու կրօնական ազատութեանց իրաւունքները խախտելու համար»:

– Փոքրամասնութիւններու «կրօնական համայնքներու գործերուն միջամտելու, հասարակական խտրականութեան եւ կրօնական փոքրամասնութիւններու նկատմամբ պատահական բռնութիւններու, կրօնական հանդերձանքի հարցով սահմանափակումներ կատարելու եւ հակասեմական քարոզչութեան համար` Թուրքիոյ հասարակութեան ու մամուլին մէջ»:

– Մերժելու համար «ոչ մահմետական համայնքներուն հոգեւորականներ կրթելու, կրօնական կրթութիւն մատուցելու եւ պաշտամունքի վայրեր ունենալու ու պահպանելու իրաւունքները»:

– «Թուրքիա ապրող կրօնական փոքրամասնութիւններու համայնքներու կենսունակութեան ու գոյատեւման սպառնացող» երկարաժամկէտ քաղաքականութիւն վարելու համար:

– «Յունաց, Հայաստանեայց եւ Անտիոքի ուղղափառ եկեղեցիներուն, Հռոմէական կաթոլիկ եւ Բողոքական եկեղեցիներուն, հրէական համայնքին, ինչպէս նաեւ սիւննի իսլամներու համայնքին եւ երկրի ամենամեծ փոքրամասնութեան` ալեւիներու» կրօնական ազատութիւնը սահմանափակելու համար:

Զեկոյցին մէջ հանգամանօրէն կը նկարագրուին հայկական համայնքին նկատմամբ կիրարկուող սահմանափակումները, ներառեալ` նոր հոգեւորականներու պատրաստման դէմ Թուրքիոյ կառավարութեան դրած արգելքն ու անոր միջամտութիւնը «հայկական պատրիարքութեան կրօնական առաջնորդութեան ընտրութեանց գործընթացին»:

Յանձնաժողովը առաջարկած է, որ Միացեալ Նահանգներու  կառավարութիւնը ստիպէ Թուրքիոյ` «վերացնել Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածը, որ կը սահմանափակէ մտքի եւ խօսքի ազատութիւնը ու բացասական ազդեցութիւն ունի կրօնի կամ հաւատքի վրայ»: Զեկոյցը նաեւ կ՛ընդունի, որ` «նոյնիսկ 100 տարի առաջ տեղի ունեցած քրիստոնեաներու ցեղասպանութեան վերաբերեալ քննարկում սկսիլը Թուրքիոյ մէջ քրէական յանցանք է»:

Հեգնականօրէն, Հարաւային Քորէայի մէջ մարտ 26-ին Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողանի հետ հանդիպելէ ետք, նախագահ Օպամա մամուլին յայտնեց. «Ես շնորհաւորեցի վարչապետը` Թուրքիոյ կրօնական փոքրամասնութիւններու իրաւունքները պաշտպանելու ուղղուած անոր ջանքերուն համար»: Ամօթալի է այն, որ Միացեալ Նահանգներու անսկզբունք պաշտօնատարները այսպիսի արհամարհական ձեւով կը վերաբերին յանձնաժողովին տքնաջան հետազօտութեան եւ հիմնաւորուած առաջարկներուն հանդէպ:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

Թատրո՞ն, Թէ՞ Իրական Պայքար. Մայիսի 6-ը Կարելի Է Համարել Նախագահական Ընտրութիւնների Առաջին Փուլը

Յաջորդը

Կիրակնօրեայ Խօսքը. Մեր Առօրեային Համար Անհրաժեշտ Եւ Բուժարար Բարեմասնութիւններէն…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.