Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթըն Երեւանի Եւ Պաքուի Համար Խաղաղութիւն Հաստատելու «Իրական Կարելիութիւն» Կը Տեսնէ

November 29, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համար խաղաղութիւն հաստատելու իրական կարելիութիւն կը տեսնէ: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ճէյմս Օ՛Պրայըն:

«Մեզ կ՛ոգեւորէ, որ կողմերը կը խօսին իրարու հետ անմիջականօրէն եւ միջնորդներու միջոցով: Այստեղ մենք կը տեսնենք ամբողջ շրջանին համար օգուտ քաղելու իրական կարելիութիւն: Օրինակ, եթէ Կեդրոնական Ասիայէն առեւտուրը կարենայ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի ճամբով հասնիլ Թուրքիա, ապա ատիկա էական խթան պիտի ըլլայ այդ առեւտրական ճամբուն վրայ գտնուող բոլոր երկիրներուն համար: Եւ մենք կ՛ողջունենք ատոր մէկ մասը ըլլալու կարելիութիւնը», ըսած է Օ՛Պրայըն` միեւնոյն ժամանակ շեշտելով, եթէ որոշուի ատիկա ընել ոչ խաղաղ ճամբով, ապա Ուաշինկթըն պիտի օգտագործէ կարելի բոլոր գործիքները` կանխարգիլելու նման առեւտրական ճամբու ստեղծումը:

«Միացեալ Նահանգներ շատ յստակ կողմերուն հասկցուցած են, թէ ի՛նչ կ՛ակնկալեն տեսնել եւ թէ ի՛նչ հետեւանքներ պիտի ունենան հակադարձ գործողութիւնները», յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարը:

«Այնպէս որ, տեսնենք` կողմերը ինչ կ՛որոշեն: Մենք գիտենք, որ անոնք խաղաղ համաձայնագիրը ըստ կարելւոյն շուտ կնքելու հետաքրքրութիւն յայտնած են, եւ մենք շատ պիտի ուզէինք ատիկա տեսնել», ըսած է արտաքին գործոց նախարարի օգնականը:

Մերժելով բանակցութիւններու ուաշինկթընեան հարթակը` Պաքուն յայտարարած է. «Միացեալ Նահանգներու միակողմանի մօտեցման հետեւանքով այդ երկիրը կրնայ կորսնցնել միջնորդի իր դերը»:

Նախորդը

Ղարիպաշվիլի. «Կը Պաշտպանենք Հայ-Ազրպէյճանական Կարգաւորման Որեւէ Կառուցողական Հոլովոյթ»

Յաջորդը

Հետաքրքրական. Վերջերս Երեւանի Մէջ Տեղի Ունեցաւ Ղափամայի Փառատօն

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.