Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Պատկերներ. Ինչպէ՞ս Պատրաստել Կռուողներու Ապագայ Սերունդներ

April 2, 2012
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՄԵՐԻԿԱՑԻ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ԱՅՆՔԱ՛Ն ԳԷՐ ԵՆ, ՈՐ ՉԵՆ ԿՐՆԱՐ ԿՌՈՒԻԼ, ԿԸ ԶԳՈՒՇԱՑՆԵՆ ՄԻԱՑԵԱԼ ՆԱՀԱՆԳՆԵՐՈՒ ԲԱՆԱԿԷՆ ԶՕՐԱՎԱՐՆԵՐ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՏԱԳՆԱՊԻ ՎԵՐԱԾՈՒՈՂ ՀԱՐՑԸ:

Միացեալ Նահանգներու բանակին մէջ ծառայած նախկին զօրավարներ կը պահանջեն, որ Ներկայացուցիչներու տունը դիմէ միջոցառումներու եւ կանոնաւորէ դպրոցներու մէջ մանուկներուն ստացած սնունդը:

Այսպէս, հանգստեան կոչուած երկու զօրավարներ կը զգուշացնեն, թէ ամերիկացի մանուկներուն եւ պատանիներուն քով սոնքութեան համեմատութիւններու բարձրացումը կրնայ խորտակել Միացեալ Նահանգներու բանակին ապագան:

Այսօր ամերիկացի մանուկներուն աւելի քան 25 առ հարիւրը այնքա՛ն գէր է, որ չի կրնար կռուիլ, կ՛ըսեն անոնք:

«Ուաշինկթըն Փոսթ» թերթին մէջ հրատարակելով իրենց կարծիքները, նախկին զինուորականները կ՛ըսեն, թէ գիրութիւնը գլխաւոր խոչընդոտ է զինուորագրելու դէմ, շատ աւելի լուրջ, քան` առողջական որեւէ պատճառ:

Ճոն Շալիքաշվիլի եւ Հիւկ Շելթըն կը պահանջեն, որ Ներկայացուցիչներու տունը վաւերացնէ օրէնքներ, որոնք երաշխաւորեն դպրոցներու մէջ մանուկներուն հաւասարակշռուած սնունդը` նուազեցնելով շաքարի, աղի եւ ճարպի անոնց սպառումը:

Երկու զօրավարները, որոնք նախապէս մաս կազմած են Միացեալ Նահանգներու նախագահական զինուորական խորհրդատու մարմինին, թերթին մէջ կը գրեն հետեւեալը. «Սոնքութեան համեմատութիւնները կը սպառնան ամբողջ Ամերիկայի առողջութեան եւ մեր բանակին ապագայ զօրութեան»:

«Այնքա՛ն լուրջ կը նկատենք այս հարցը ազգային անվտանգութեան դիտանկիւնէն, որ հանգստեան կոչուած նախկին 130 այլ զօրավարներու, ծովակալներու եւ զինուորական բարձրաստիճան պատասխանատուներու ձայնակցելով` կը դիմենք Ներկայացուցիչներու տան, որպէսզի վաւերացնէ մանուկներու սննդառութեան վերաբերող նոր օրէնքներ»:

Ազդարարութիւնը անտեղի չէ. հետզհետէ կը սաստկանան այն մտավախութիւնները, թէ Միացեալ Նահանգներու տարածքին սոնքութիւնը դարձած է «համաճարակ» մը, որմէ կը տառապի ամերիկացի երեք մանուկէն մէկը:

Շալիքաշվիլի եւ Շելթըն կ՛ակնարկեն 1946-ին վաւերացուած սննդառական օրէնքներու, որոնք կը հաստատեն, թէ սխալ սննդառութիւնը պատճառ կը դառնայ, որ նուազի բանակին մէջ զինուորագրուող երիտասարդներուն թիւը:

«Պէտք է միջոցառումներու դիմենք, այնպէս` ինչպէս Բ. Աշխարհամարտին յաջորդած ժամանակաշրջանին, որպէսզի վստահ ըլլանք, թէ օր մը ի հարկին մեր զաւակները պիտի կարենան պաշտպանել մեր երկիրը», կը գրեն անոնք:

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

 

 

Նախորդը

Ամերիկեան Պատկերներ. «Աստուածաշնչային» Զէնքեր

Յաջորդը

Ամերիկեան Պատկերներ. «Էֆ. Պի. Այ.» Իր Լրտեսներուն Արտօնած Է Երբեմն «Շրջել Կամ Առկախել Օրէնքը».

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.