Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մանկապատանեկան Գիրքերու Եւ Դաստիարակչական Խաղերու Ցուցահանդէսին Ծիրին Մէջ Միջդպրոցական Գեղարուեստական Ներկայացումներ

March 31, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին, մանկապատանեկան գիրքերու եւ դաստիարակչական խաղերու ցուցահանդէսին ծիրին մէջ, երէկ` ուրբաթ,  30 մարտին «Ազդակ»-ի Փիւնիկ սրահին մէջ տեղի ունեցան միջ դպրոցական գեղարուեստական ներկայացումներ, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերին տասը հայկական վարժարաններ:

«Փիւնիկ» սրահը լեցուն էր մանուկներով, ուսուցիչներով ու ծնողներով եւ անոնց կենսունակ խնդուքն ու խանդավառութիւնը հաճելի մթնոլորտ ստեղծած էին: Եւ ի՛նչ լաւ է այդ մթնոլորտը, յատկապէս երբ անոնք շրջապատուած են հայ գիրքով:

Այս առիթով Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատան գրատարածին անունով բարի գալուստի խօսք արտասանեց Մարալ Ղարիպեան – Գալեմքերեան: Ան յայտնեց, որ անցնող շաբաթ հայկական վարժարաններէ մեծ թիւով աշակերտներ այցելեցին «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահ եւ ծանօթացան հրատարակութիւններուն` աւելցնելով, որ այցելութիւնները կը շարունակուին յառաջիկայ շաբաթ ալ: Իր խօսքը ուղղելով հայ աշակերտներուն` Մարալ Ղարիպեան – Գալեմքերեան ըսաւ, որ հայ գիրքը պէտք է դառնայ անոնց լաւագոյն ընկերը, իսկ հայ գիրքի ընթերցանութիւնը պէտք է ըլլայ հաճելի ժամանց մը, որպէսզի անոնք պահեն հայկական արժէքներ եւ զանոնք փոխանցեն յաջորդ սերունդներուն:

Հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին եւ Արամ Ա. կաթողիկոսին 2012 թուականը «Հայ գիրքի տարի» հռչակուելուն զոյգ առիթներով կազմակերպուած մանկապատանեկան գիրքերու ցուցահանդէսին ծիրին մէջ կազմակերպուած գեղարուեստական ներկայացումներու հանդիսութեան մասնակցած էին տասը հայկական վարժարաններէ նախակրթարանի աշակերտներ` Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանէն, Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն, Հայ աւետարանական Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանէն, ՀԲԸՄի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանէն, Ազգային Ս. Խանամիրեան քոլեճէն, Վահան Թէքէեան վարժարանէն, Ազգային Սրբոց Քառասնից Մանկանց վարժարանէն, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարանէն եւ Ազգային Աբգարեանէն:

Անոնք ասմունքով, երգով, թատերական ներկայացումով եւ ընթերցանութեամբ հաճելի մթլոլորտ ստեղծեցին:

Անոնք սորված էին հայ գիրի, Մեսրոպ Մաշտոցի, հայ գիրքի առաջին տպագրութեան մասին ասմունքներ, պատմութիւններ եւ երգեր, զորս ներկայացուցին իրենց մանկական անմեղութեամբ եւ խանդավառութեամբ:

Յայտնենք, որ կիրակի, 1 ապրիլի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, մանկական երգերու մեկնաբան Մակի պիտի ներկայացնէ մանկական երգեր, իսկ յառաջիկայ չորեքշաբթի տեղի կ՛ունենայ տարրական բաժինի դասարաններու աշակերտութեան չորս լեզուներով ընթերցանութեան մրցանքը: Եզրափակիչ հանդիսութիւնն ու մրցանակաբաշխութիւնը տեղի կ՛ունենան երկուշաբթի, 9 ապրիլին:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Գերապայծառ Ռաֆայէլ Մինասեանը

Յաջորդը

Թուրք Նախարարի Մը Վրայ Կօշիկ Նետած Են

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.