Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Մարդը` Բեմի Վրայ

March 31, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԵՒՈՆ ԱՐՏԱԶԵԱՆ

Շեքսփիր ըսած է. «Աշխարհը բեմ է, իսկ մարդիկ` դերասան»: Իսկ ես կ՛աւելցնեմ. «Թատրոնը այն հայելին է, որուն մէջ` մարդ ինքզինք կը դիտէ»:

Բեմադրութեամբ Ռոպերթ Առաքելեանի, Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբը ներկայացուց Մարսէլ Փանիոլի «Փառքի վաշխառուները», «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ:

Հեղինակը իր այս գործով ցոյց տուած է ի սկզբանէ մարդուն մէջ շնչող փառասիրութեան ոգին, որ իւրաքանչիւր ներկայացող առիթի ընդմէջէն աստիճանաբար ձեւաւորուելով կը դառնայ մոլեգնութիւն: Մարդուն խոր ձգտումը` դիրքի հասնելու, ուրիշներէն նկատի առնուելով, յարգուելու, գովաբանուելու, եւ վերջապէս` այս կեանքի բեմին վրայ հետք մը ձգելու մարմաջը, հետզհետէ ուռճանալով կը հասնի ա՛յն աստիճանի, որուն տիրականութիւնը ապահովելու համար կը պահանջուի զոհողութիւն: Այս պարագային` վերադարձ խոնարհութեան, կամ հակառակ ուղղութեան վրայ, նոյնիսկ` ամէնէն հարազատին անտեսումը: Ահաւասիկ այս պայքարն է, որ կը մղուի մարդուն մէջ, արտաքին եւ ներքին ճակատներու վրայ:

Եթէ հեղինակը յաջողած է իր «Փառքի վաշխառուները» գործին մէջ շեշտել այս խորքը, ապա` ես անվարանօրէն կրնամ հաստատել բեմադրիչ Ռոպերթ Առաքելեանի յաջողութիւնը, որ մեծ վարպետութեամբ եւ ճկուն դարձուածքներով նախ կրցած է այս երկարաշունչ գործը ամփոփել, ապա` զայն բեմականացնել, պահելով անոր իսկութիւնը: Բեմին վրայ ականատես կ՛ըլլանք զանազան պատկերներու յաջորդական զարգացման, որոնք տարբեր ժամանակներու մէջ իրադարձութիւններու ընթացքն է, բայց այնպիսի՛ նրբութեամբ մէջընդմէջ զօդուած են, որ նոյնիսկ ամենաթեթեւ շարժումը, կ՛արտայայտէ իր ետին ամբողջ պատկերի մը փոքր խճանկարը: Այն պայքարը, որ կը մղուի մարդուն մէջ, բեմին վրայ թէեւ կը մարմնաւորեն երկո՛ւ անձեր, սակայն խորքին մէջ մէ՛կ մարդու երկուութիւնն է, որ ի վերջոյ, իտէալական մարդը կը զոհէ ո՛չ միայն իր ինքնութիւնը, այլ` նոյնիսկ իսկութիւնը` խոնարհելով  փառքին շլացուցիչ պարգեւներուն դիմաց:

Պէտք է խոստովանիլ նաեւ, դերերը վերցուցած դերասան-դերասանուհիները, որոնք կը ներկայացնեն նո՛յն մարդը տարբեր երեսներով, իրենց լաւագոյնը տալու, ճի՛շդ արտայայտուելու ճիգին մէջ էին, հոգ չէ՛ թէ ոմանք, իրենց տատամսոտ ու նուազ արտայայտութեամբ: Այդ երեւոյթը կարելի է հասկնալ ինչ-ինչ պատճառներով անոնց ունեցած հոգեվիճակէն:

Յամենայն դէպս, սրտանց կը շնորհաւորեմ խումբը ամբողջ, եւ մասնաւորաբար բեմադրիչը, որ արուեստի նրբաճաշակութեամբ կրցած է իրագործել եւ ներկաներուն մատուցել կեանքի իրական պատկերներէն մէկը:

 

 

Նախորդը

«Հայապատում, Հայագիտութիւն Եւ Հայ Իրականութիւն» Փրոֆ. Դոկտ. Սեդա Պ. Տատոյեան. Մամլոյ Լսարան # 68

Յաջորդը

Հոգեւոր Խորհրդածութիւններ Ծաղկազարդի Տօնին Առիթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։