Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մէկ Ամիս Ետք Արցախէն Երիտասարդ Մը Վերադարձաւ Իր Ընտանիքին

November 10, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արցախէն տեղահանուած եւ Բիւրեղաւանի մէջ հաստատուած Յակոբեաններուն ընտանիքը միակ որդիին` Ռաֆայէլին մասին շուրջ մէկ ամիսէ որեւէ տեղեկութիւն չունէր:

22 հոկտեմբերին ան հեռաձայնած է ընտանիքին` ըսելով, որ ողջ է եւ կը գտնուի Ստեփանակերտ:

Ռաֆայէլի մայրը Mediahub.am-ին պատմած է, որ անոր հետ խօսած է սեպտեմբեր 18-ին, յաջորդ օրը սկսած է պատերազմը, ու այդպէս կապը կտրուած է:

«Երբ երկար թիւով զանգ ստացանք,  մտածեցինք, որ դատաբժշկական փորձաքննութենէն կը հեռաձայնեն եւ հիմա պիտի ըսեն, որ ԴՆԹ (DNA) քննութիւնը հաստատուած է: Ես պատրաստ չէի այդ լուրը լսելու: Ատոր համար քանի մը անգամ չպատասխանեցի հեռաձայնին: Յետոյ քրոջս աղջիկը լալով հեռաձայնեց ու ըսաւ, որ Ռաֆոն ողջ է: Աստուած լսեց աղօթքներս, Ռաֆայէլը մեր միակ որդին է, եթէ զոհուէր ես ու ամուսինս չէինք ապրեր, ինքն է մեզ ապրեցնողը: Աստուած խղճաց մեզի», MediaHub-ի հետ զրոյցի ընթացքին, արցունքները սրբելով,  պատմած է տիկին Աննան:

«Աստուած պահած է», այս համոզումը ունի նաեւ Ռաֆայէլը, որ մէկ ամիս քնացած է անտառներուն մէջ, կերած է անտառային հատապտուղներ, մոշ ու մասուր, Մարտակերտի շրջանի Վանք գիւղէն ոտքով հատած է հարիւրաւոր քիլոմեթրեր, գիւղէ գիւղ, տունէ` տուն ու հասած` Գետաւան, չգիտնալով, որ պատերազմը վերջացած է, որ` Արցախը տեղահանուած է:

«Երբ այլեւս չէին կրակեր, այդպէս գիտցայ, որ կռիւը վերջացաւ: Դժուար չէր կռահել, որ ես շրջափակման մէջ եմ, եւ ամէն ինչ կ՛ընէի փրկուելու համար: Ամենաշատը կը մտածէի մամային ու պապային մասին, գիտէի, որ չեն դիմանար: Շարժ չկար, ոչ մէկ գիւղի մէջ մարդ կար, անգամ չէի գիտեր, թէ ո՛ւր եմ, մէկ խօսքով,  ամէն ինչ շատ անհանգստացնող էր»,  պատմած է Ռաֆայէլը, որ թէեւ 20 տարեկան է, բայց ունի ուժեղ ու հասուն տղամարդու սիրտ:

Երբ Ռաֆայէլէ լուր չկար, ծնողները մտածած են ամենավատ, ԴՆԹ քննութիւն յանձնած են: Այդքանով հանդերձ, չեն յանձնուած, զգացած են` որդին ողջ է, նոյնիսկ երազի մէջ տեսած են քանի մը անգամ:

Մայրը կ՛ըսէ. «Տեսած եմ տղաս բարձունքի մը վրայ, միայնակ…»,- չի կրնար զսպել արցունքները: Ռաֆոն կը շարունակէ, գրեթէ նոյն, բայց իրական տեսարանը, երբ հրետակոծութենէն ետք բացած է աչքերը, տեսած է ինքը սարի վրայ է, ու ոչ ոք կայ իր կողքը:

Շատ դաժան օրեր տեսած է Ռաֆայէլը, փրկուած է, սակայն` իր ճարպիկութեան շնորհիւ: Գետաւանի հանգստեան գօտիներէն մէկուն շինութեան մէջ թուրք ոստիկանը նկատած է հայ զինուորը, չէ վնասած ու յանձնած է Կարմիր խաչի առաքելութեան աշխատակիցներուն: Անոնց օգնութեամբ ու ազրպէյճանցի զինուորականներու ուղեկցութեամբ Ռաֆայէլը տեղափոխուած է Ստեփանակերտ: Նոյնիսկ տուն գացած է: Այստեղ քիչ մը կանգ կ՛առնէ. «Երբ քաղաքն ու տունը դատարկ տեսած եմ, հասկցած եմ` Արցախը այլեւս հայկական չէ»:

Հրաշքով փրկուած տղայի ողջ մնալու լուրը ցնցած է բոլոր հարազատները: Ռաֆայէլի հայրը` Մխիթարը, փրկարար ծառայութեան աշխատակից է: Փրկարարներու հետ որոնումներուն շատ մասնակցած է: Իր որդին փնտռած է նոյնիսկ զոհուածներուն մէջ, բարեբախտաբար արդիւնք չէ տուած:

Հիմա Մխիթարը ունի մէկ ցանկութիւն, որ բոլոր անհետ կորածները ունենան իր Ռաֆոյի ճակատագիրը, բոլորը վերադառնան:

Նախորդը

Անդրանիկ Մսըրլեանի 30 Արուեստի Գործերը Կը Նուիրուին Համազգայինին

Յաջորդը

Արցախը` Առանց Արցախցիներու. Ռուսական Ներկայութիւնը «Խաղաղութեան Խաչմերուկ»-ի Կովկասին Մէջ

RelatedPosts

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն
Անդրադարձ

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

October 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.