Այսօր տեղի կ՛ունենան «Տէ. Էֆ. Պէ. Փոքալ» Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքի Բ. հանգրուանի մրցումները: Ամէնէն կարեւոր մրցումին, իրարու դէմ կ՛ելլեն Ա. դասակարգի երկու խումբեր` Տորթմունտ եւ Հոֆընհայմ: Տորթմունտ «Պունտըսլիկա»-ի դասաւորման 4-րդ դիրքը կը գրաւէ, իսկ Հոֆընհայմ` 6-րդ: Անցեալ ամիս Հոֆընհայմ իր դաշտին վրայ 3-1 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած էր Տորթմունտէն, «Պունտըսլիկա»-ի 6-րդ հանգրուանի մրցումներու ծիրին մէջ:
Պայերն Միւնիխ պիտի մեկնի Զաարպրիւքընի դաշտը` մրցելու տեղւոյն խումբին հետ: Պայերնի մարզիչ Թուխել պիտի փորձէ մարզիկներուն մէկ մասը հանգիստ պահել, մանաւանդ որ շրջանը տեղատարափ անձրեւ կայ, եւ կը նախատեսուի, որ մրցումը աւելի «լողալու մրցումի» համ կրնայ ունենալ… եթէ անշուշտ իրաւարարը յարմար տեսնէ դաշտը:
Ստորեւ` կարեւորագոյն մրցումներուն յայտագիրը.
Տորթմունտ – Հոֆընհայմ
Սանտհաուզըն – Լեւերքուզըն
Ֆրայպուրկ – Փատերպորն
Զաարպրիւքըն – Պայէրն Միւնիխ
Վիքթորիա Քէօլն – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Հերթա Պերլին – Մայնց
Նիւրեմպերկ – Հանզա Ռոսթոք
Անգլիոյ մէջ Լիկայի բաժակի մրցումներուն, ուր ընդհանրապէս խումբերը կը մասնակցին իրենց պահեստի կազմով, հետաքրքրական մրցում մը կրնայ ըլլալ Ուեսթ Համ – Արսենալ մրցումը: Անիկա հետաքրքրական կրնայ ըլլալ մանաւանդ, եթէ երկու խումբերու մարզիչները որոշեն ամբողջական կազմով խաղալ, բան մը, որ կասկածելի է, մանաւանդ որ Անգլիոյ ախոյեանութիւնը երկար է, եւ Լիկայի բաժակի կողքին, ֆետերասիոնի բաժակի մրցումներն ալ կան, եթէ անշուշտ խումբ մըն ալ կը մասնակցի եւրոպական մրցաշարքերու տարեշրջանի ընթացքին մօտ 7 մրցում կը կատարէ:
Ստորեւ` 1-8-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.
Ուեսթ Համ – Արսենալ
Էվըրթըն – Պըրնլի
Իփսուիչ Թաուն – Ֆուլհամ
Պորնմաութ – Լիվըրփուլ
Չելսի – Պլեքպըրն
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Նիւքեսըլ


