Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի 0-3

October 30, 2023
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռէալ Յաղթեց Պարսային
Պայէրն 8 Կոլ Նշանակեց

Երէկ տեղի ունեցաւ Մանչեսթըր քաղաքի տերպին` Եունայթըտի Օլտ Թրաֆորտ դաշտին վրայ: Ախոյեան Սիթի առաջին կիսախաղին փենալթի մը շահեցաւ, եւ Էրլինկ Հաալանտ նշանակեց մրցումի առաջին կոլը 26-րդ վայրկեանին: Այս բաց յարձակողական մրցումին բերդապահները լաւ ձեւով զսպեցին երկու խումբերուն յարձակումները: Օնանա (Մանչեսթըր Եունայթըտ) 2 վտանգաւոր առիթներ զսպեց Հաալանտէն, մինչ Էտերսոն զսպեց Մաքթիմինէի եւ Ֆեռնանտեսի զօրաւոր հարուածները: 50-րդ վայրկեանին Սիլվայի փոխանցումէն ետք, Հաալանտ նշանակեց իր եւ Սիթիի 2-րդ կոլը գլխու հարուածով: 80-րդ վայրկեանին երկար ճնշումէ ետք Եունայթըտի բերդին վրայ, Սիթի 3-րդ կոլ մը աւելցուց, երբ Հաալանտի փոխանցումէն օգտուելով Ֆիլ Ֆոտըն նշանակեց Սիթիի 3-րդ կոլը:

Արսենալ 5-0 արդիւնքով յաղթած էր Շեֆիլտ Եունայթըտի, Էտուարտ Էնքիթիայի հեթ-թրիքէն ետք Վիերա եւ Թոմիյա աւելցուցին 2 այլ կոլեր:

Թոթենհամ մնաց պարագլուխի դիրքին վրայ` շնորհիւ իր Սոն-Մետիսոն յառաջապահ զոյգին հերոսութիւններուն: Առաջին կոլը նշանակեց Ճորտըն Էյու` սխալմամբ իր բերդին մէջ, իսկ երկրորդը` քորէացի Սոն:

Լիվըրփուլ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Նոթինկհամ Ֆորեսթի` շնորհիւ Ճոթայի, Նունիեսի եւ Սալահի կոլերուն:

Ստորեւ` 10-րդ հանգրուանի մրցումները.

Չելսի – Պրենթֆորտ 0-2
Պորնմաութ – Պըրնլի 2-1
Արսենալ – Շեֆիլտ Եունայթըտ 5-0
Վուլվզ – Նիւքեսըլ 2-2
Ուեսթ Համ – Էվըրթըն 0-1
Ասթոն Վիլա – Լիւթըն 3-1
Պրայթըն – Ֆուլհամ 1-1
Լիվըրփուլ – Նոթինկհամ Ֆորեսթ 3-0
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի 0-3
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Թոթենհամ 26 (22-9)
2.- Արսենալ 24 (23-8)
3.- Մանչեսթըր Սիթի 24 (22-7) 24 (22-7)
4.- Լիվըրփուլ 23 (23-9) 23 (23-9)
5.- Ասթոն Վիլա 22 (26-14)
…………………… …………
18.- Լիւթըն 5 (9-20)
19.- Պըրնլի 4 (8-25)
20.- Շեֆիլտ Եունայթըտ 1 (7-29)

ՍՊԱՆԻԱ

Սպասուած «Քլասիքօ»-ն Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի միջեւ վերջ գտաւ ի նպաստ Ռէալ Մատրիտի` 2-1 արդինքով: Հակառակ արդիւնքին, Պարսելոնա շատ աւելի լաւ ելոյթ ունեցաւ, եւ մրցումին հաշիւն ալ բացաւ 6-րդ վայրկեանին, երբ Իլքայ Կունտողան 1-2 մը կը փորձէր ընել Ֆերան Թորեսի հետ, բայց Չուամենի միջամտեց` գնդակը «դիւրացնելով» Կունտողանի եւ դժուարացնելով Ալապայի (Ռէալ), որ փորձեց հեռացնել, սակայն Պարսայի գերմանացին աւելի արագ էր եւ շուտով կոլ նշանակեց բերդապահ Քեփայի տակէն:

Այս արագ կոլէն ետք բաւական պայքար տարուեցաւ մանաւանդ դաշտին կեդրոնը, եւ այդ պայքարը նոյնիսկ կոշտացաւ, որուն պատճառով իրաւարարը դեղին քարտի դիմեց: 17-րդ վայրկեանին Ֆերմին Լոփես Քրուսի վրայ ֆաուլէ ետք ստացաւ առաջին դեղին քարտը: Ժոաօ Ֆելիքս (Պարսա) – Քարվախալ (Ռէալ) բաւական պայքար կար Պարսայի ձախ կողմէն, թէ՛ յարձակողական եւ թէ՛ պաշտպանողական: Կիսախաղէն քիչ առաջ, երբ ֆաուլերուն հաշիւը 17-ի հասած էր, 18-րդը կատարեց Ֆերան Թորես` ռուկպիի նման ֆաուլով մը, որ դաշտէն դուրս գլորեց Վինիսիուս Ժունիորը, որ ինկաւ Պարսայի մարզիչ Չաւիի ոտքերուն տակ: 2-րդ դեղին քարտն ալ Պարսելոնայէն մարզիկ մը ստացաւ:

Բ. կիսախաղին նոյն ընթացքը շարունակուեցաւ, քիչ մնաց Պարսելոնա նշանակէր կոլ մը եւս: Արդարեւ, անակնկալ գնդակ մը, որ Լոփես հարուածած էր, Ռէալի սիւնէն հասաւ Արաուխոյի, որ շատ արագ հարուածեց, բայց բերդապահ Քեփա կատուի պէս ցատկեց եւ փրկեց Ռէալը:

Ռէալի մարզիչ Անչելոթթի անմիջապէս Ֆերլան Մենտին փոխարինեց Քամավինկայով: Հազիւ վայրկեան մը ետք, անգլիացի Պելինկհամին հասաւ գնդակը, որ հազիւ կը մօտենար Պարսայի քառակուսիին, Կասի վերջին երկվայրկեանին թաքըլով զսպեց եւ փրկեց Պարսան:

Անչելոթթիի տղաքը աւելի լաւ խաղալու սկսան, բայց տակաւին ճիշդ առիթը կը փնտռէին: 60-րդ վայրկեանին Ժոաօ Քանսելօ Ֆերմին Լոփեսէն փոխանցում մը ստանալէ ետք, հարուածել փորձեց, բայց գնդակը քիչ մը բարձր անցաւ, երբ արդէն իրաւարարն ալ օֆ-սայտ բարձրացուցած էր: 62-րդ վայրկեանին, եւ Ֆելիքս – Քարվախալ զոյգի նորէն իրարու հետ պայքարէ եւ կարծր թաքըլէ ետք դեղին քարտ Ռէալի աջ յետսապահին: Դաշտ ներկայացան Լեվանտովսքի (Պարսելոնա), Մոտրիչ (Ռէալ) եւ Խոսելու (Ռէալ): Պարսելոնան աւելի պաշտպանողական խաղ սկսաւ կիրարկել, բան մը, որ ստիպեց Չուամենին զօրաւոր հարուածով փորձել իր բախտը, բայց Պարսայի գերմանացի բերդապահ թեր Շթեկըն զսպեց դէպի քորնըր սիտւնին դպնալէ ետք 68-րդ վայրկեանին: Քորնըրէն ետք գնդակը հասաւ անգլիացի միջնապահ Ճուտ Պելինկհեմի, որ 25 մեթրէն ռմբային հարուածով մը գրաւեց Պարսելոնայի բերդը: Չաւի Ֆերմին Լոփեսը փոխարինեց Օրիոլ Ռոմէոյով, քիչ ետք Եամալ եւ Ռաֆինիա փոխարինեցին Քանսելոն եւ Ֆելիքսը: Պէտք է ըսել, որ Պարսելոնա Ռէալի կոլէն ետք քիչ մը կորսուած վիճակ ունեցաւ, եւ 79-րդ վայրկեանին Քամավինկա գետին փռուեցաւ Արաուխոյի կողմէ, բայց իրաւարարը փենալթի չնկատեց զայն:

Վայրկեան մը ետք, Լիվանտովսքիի, ապա Կաւիի հարուածները քիչ մը բարձր էին Ռէալի բերդէն:

Վերջին վայրկեաններուն զոյգ խումբերն ալ յաղթանակի կոլը կը փնտռէին, երբ 92-րդ վայրկեանին Մոտրիչ աջ կողմէն կը փորձէր գնդակը կեդրոն հասցնել, երբ յետսապահի մը դպնալով ուղղութիւնը փոխեց եւ Պելինկհամի առաջին յայտնուեցաւ` շատ հանգիստ նշանակելով Ռէալի յաղթանակի կոլը:

Ստորեւ` 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքները.

Ժիրոնա – Սելթա 1-0
Ալմերիա – Լաս Փալմաս 1-2
Պարսելոնա – Ռէալ Մատրիտ 1-2
Մայորքա – Խեթաֆէ 0-0
Քատիս – Սելիա 2-2
Պեթիս – Օսասունա 2-1
Ռայօ Վայեքանօ – Ռէալ Սոսիետատ 2-2
ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄ
1.- Ռէալ Մատրիտ 28 (23-8)
2.- Ժիրոնա 28 (25-13)
3.- Պարսելոնա 24 (23-12)
4.- Աթլեթիքօ Մատրիտ 22 (23-8)
5.- Ռէալ Սոսիետատ 19 (20-14)
……………….. ………………….
18.- Սելթա 6 (10-19)
19.- Կրանատա 6 (15-25)
20.- Ալմերիա 3 (14-31)

ԳԵՐՄԱՆԻԱ

«Պունտըսլիկա»-ի 9-րդ հանգրուանին, պատմական մրցում մը տեղի ունեցաւ շաբաթ օր Միւնիխի Ալիանց Արենա դաշտին վրայ, ուր Պայերն կը հիւրընկալէր 12-րդ դիրքը գրաւող Տարմշթատը: 4-րդ վայրկեանին Եողուա Քիմիչ անտեղի սխալով գետին բերաւ մրցակից մը եւ կարմիր քարտ ստացաւ 21-րդ վայրկեանին Տարմշթատի կեդրոնի յետսապահ Քլաուս Կիասուլա կարծր ֆաուլ կատարեց Քոնրատ Լայմըրի վրայ, որ կ՛ուղղուէր դէպի Տարմշթատի բերդը: Կարմիր քարտ մը եւս: 20 վայրկեան եւս, եւ 41-րդ վայրկեանին այս անգամ խրուաթ Մաթէյ Մայլիքա վերջին պաշտպանը ըլլալով գետին բերաւ Հերի Քէյնը եւ կարմիր քարտ մը եւս:

Խումբերը կիսախաղը աւարտեցին 0-0 արդիւնքով, բայց Տարմշթատ 2-1 կարմիր քարտերով «կը յաղթէր»:

Պայերն, որ առաջին կիսախաղին 5 անգամ վտանգած էր Տարմշթատի բերդը, աւելի լուրջ յարձակելու սկսաւ, եւ անգլիացի Հերի Քէյն (51,69,88) հեթթրիք մը իրագործեց: Լիրոյ Սանէ (56,64) երկու կոլ աւելցուց, Ժամալ Մուսիալայի նման (60,76) եւ Թոմաս Միւլըր, որ 2 էսիսթ ալ տուաւ, նշանակեց կոլ մը 71-րդ վայրկեանին: Արդիւնք` 8-0: Մարզիչ Թուխեզ ըստ երեւոյթին լաւ ձեւով կը կարդայ մրցումը, եւ իր ցուցմունքներով Պայերն շատ աւելի արդիւնք կու տայ 2-րդ կիսախաղին, ինչպէս պատահեցաւ նաեւ «Չեմփիընզ լիկ»-ին: Պէտք է ըսել նաեւ, որ Տարմշթատի բերդապահ Մարսել Շուհըն 6 ստոյգ կոլեր եւս զսպեց Տարմշթատը փրկելով շատ աւելի մեծ արդիւնքէ: Յիշատակելի էր Հերի Քէյնի 2-րդ կոլը գրեթէ դաշտին կեդրոնին լոպով մը յառաջացած բերդապահին վրայէն: Օրուան մարզիկը Հերի Քէյնը ընտրուեցաւ, բայց Լիրոյ Սանէն շատ լաւ վիճակի մէջ կը գտնուի վերջերս, եւ այժմու ամէնէն լաւ մարզիչներէն է: Նշենք նաեւ, որ Գերմանիոյ ազգային խմբապետ եւ բերդապահ Մանուէլ Նոյըր վերադարձաւ դաշտ եւ առաջին կիսախաղին 2 անգամ լաւ ձեւով զսպեց Տարմշթատի յարձակումները:

Նոյըր 2022-ի մոնտիալէն ետք արձակուրդի ժամանակ ոտքը կոտրած էր եւ անցեալ 12 նոյեմբերէն ի վեր Պայերն Միւնիխի հետ ելոյթ չէր ունեցած:

Միւնիխի կազմը նոր մրցանիշ մըն ալ իրագործեց` ըլլալով առաջին ակումբը, որ 34 կոլ կը նշանակէ 9 մրցումի ընթացքին:

Նախորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս Եւ Պոսթըն` Յաղթական

Յաջորդը

2023-ի «Ոսկի Գնդակ». Այսօր Փարիզի Մէջ 2023-ի Լաւագոյն Մարզիկները

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.