Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Տպագրութեան 500-Ամեակի Ձեռնարկներու Ծիրին Մէջ Մեծարանքի Երեկոյ` Նորայր Ադալեանի Ծննդեան 75-Ամեակին Ու Գրական Գործունէութեան 50-Ամեակին Առիթով

March 30, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ տպագրութեան 500-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրին մէջ երէկ` հինգշաբթի, 29 մարտի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, տեղի ունեցաւ մեծարման յատուկ հանդիսութիւն` ի պատիւ հայրենի վաստակաւոր գրականագէտ, արուեստի գործիչ Նորայր Ադալեանի ծննդեան 75-ամեակին եւ գրական գործունէութեան 50-ամեակին:

Հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ու Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական, ազգային շաբաթաթերթին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ լիբանանեան եւ հայաստանեան քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Ապա, «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի խմբագիր Ասպետ Ռուբինեան ողջունեց ներկաները` սեղմ գիծերու մէջ ներկայացնելով օրուան յոբելեարը` Նորայր Ադալեանն ու անոր մասին բանախօսելու համար յատուկ հիւրաբար Լիբանան գտնուող հայրենի մտաւորական Լեւոն Մութաֆեանը:

«Ադալեանի համբաւը կը գլէ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ սփիւռքի տարածքը: Ան յետ խորհրդայնացման շրջանի երրորդ սերունդին կը պատկանի», ըսաւ Ռուբինեան` վեր առնելով Ադալեանի գրական ու արուեստի յատկանիշները: Ապա ան դրուատիքով անդրադարձաւ նաեւ օրուան բանախօս Լեւոն Մութաֆեանի գրական ու արուեստի արժանիքներուն մասին:

Օրուան բանախօսը` հայրենի թատերագիր, գրականագէտ, արուեստի վաստակաւոր գործիչ Լեւոն Մութաֆեան իր խօսքի սկզբնաւորութեան գոհունակութիւն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Պէյրութի մէջ այս առիթը իրեն ընծայուելուն համար: Ապա ան յատուկ ակնածանքով ու դրուատիքով ներկայացուց գրագէտ Նորայր Ադալեանի գրական արգասիքը, թուելով անոր բազմազան արժանիքները: Ան յայտնեց, որ հակառակ անոր դէմ եղած քննադատութեանց, Ադալեան յաջողեցաւ տոկալ ու շարունակել իր ստեղծագործութիւնը` իր յատուկ դրոշմը ձգելով ժամանակակից թէ ապագայ սերունդներու մտածողութեան վրայ: Յետշանթեան շրջանի դեգերումներու հանգրուանէն ետք, Ադալեանի ստեղծագործութիւնը, շերտի եւ ենթաշերտի զուգադրումը առկայ էր իբրեւ եզակի, նորարար ներդրում հայ գրականութեան: Ցեղասպանութեան թեման միշտ ներկայ էր իր գործերուն մէջ: Ներկայ էր նաեւ հրեղէն ձիու տիպարը, որ կը յիշեցնէր Քուրկիկ Ջալալին:

Իր կարգին, խօսք առաւ յոբելեարը` Նորայր Ադալեան, որ նոյնպէս շնորհակալութիւն յայտնեց ու իրեն յատուկ «հիւմըր»-ով դիտել տուաւ, թէ Մութաֆեանի խօսքին մէկ մասը իրականութիւն, միւս մասը` չափազանցութիւն էր: «Կարճ ատենէ ի վեր ես թեւակոխեցի ու անցայ 75-ամեակս, բայց պիտի շարունակեմ տօնել զայն մինչեւ 80 եւ 90-ամեակ», կատակեց Ադալեան` ներկաներու ծափերու մթնոլորտին մէջ: Իր խօսքի աւարտին, Ադալեան կրկին շնորհակալութիւն յայտնեց զինք մեծարողներուն, յատկապէս` Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանին, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան անձնակազմին, «Ծաղիկ» շաբաթաթերթի խմբագրութեան ու մասնաւորաբար` իր մտերիմ բարեկամին Լեւոն Մութաֆեանին: Ան այս առիթով յատուկ յարգանքով նշեց ներկաներուն մէջ լիբանանահայ ծանօթ գրականագէտ Պօղոս Սնապեանի ներկայութիւնը` շնորհակալութիւն յայտնելով անոր:

Նախքան այդ, Ասպետ Ռուբինեան թուեց հայրենի եւ այլ մտաւորականներու շնորհաւորական ուղերձի գիրերը, ինչպէս` փրոֆ. Երուանդ Ղազանճեանի, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեանի, բանաստեղծ Ժագ Ս. Յակոբեանի, Կարօ Վարդանեանի, Արմէն Խոնդիկեանի եւ ուրիշներու սիրտի խօսքերը` ուղղուած Նորայր Ադալեանի յոբելեանին:

Աւարտին, ցուցադրուեցաւ մէկ ժամ տեւողութեամբ Շարին Անտըրսընի պատրաստած Եղիշէ Չարենցի կեանքին նուիրուած վաւերագրական տեսերիզը` «Չարենց-ին սըրչ աֆ մայ Արմինիըն փոեթ» խորագիրով:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ «Արկածներուն Կանխարգիլումը Տարեցներուն Մօտ» Նիւթով Դասախօսութիւն

Յաջորդը

Մանիլայի Մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Մասնակցութիւնը Առաքելութիւն Եւ Աւետարանչութիւն Համագումարին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։