Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դիմատետրային Առօրեայ

October 25, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ

Կար ժամանակ, երբ հաճոյքով կը բանայի
հաղորդակցութեան այս բեմը նոր
սակայն հիմա …
Դիմատետրի շատ անծանօթ «ընկեր» մը կայ,
որ ամէն օր բարի լոյս մը
կամ Քրիստոսի մէկ ծաղկաւոր խօսքը կը ղրկէ:
Ուրիշ մը, որ
Պատգամաբերիս վրայ կը գրէ,
որ կը յիշէ զիս Լիբանանէն,
թէ ծովափին ֆրանսերէն վէպ կը կարդայի
եւ մարոնի աղջիկները
կու գային հետս շատախօսելու
(անգլերէն` կը կարդայի, ֆրանսերէն` ոչ),
իսկ խօսքը ինչ աղջիկներու մասին է`
արդէն չեմ գիտեր, ոչ ալ կը յիշեմ:
Դեռ անմիջական շրջանակէս դուրս`
Դիմատետրի «ընկերներ» կան,
որոնք դիմած են ինծի
պարզապէս իրենց լուսանկարները
կամ չափածոյ թխուածքները հրամցնելու
եւ փոխադարձ «լայք»-եր կը սպասեն
(բացառութիւններ միշտ յարգելի են):
Աւել՛ին կայ,
Քանատական պետութիւնը,
ինչ որ տարօրինակ օրէնքի հիմամբ,
տեղեկատուութեանց հաղորդումներու
փոխանցումը կը խանգարէ,
նոյնիսկ` Արքի բանաստեղծական ընթերցումները:
Իսկ գեղանկարիչ մը կայ Հայաստանէն,
որ շարունակ վերացական
պաստառները կը զետեղէ կայքին վրայ
եւ չես գիտեր, թէ ո՞ր գործը
կրկնուած է կամ թէ նոր է.
վնաս չունի` շուկայ է` չէ՞,
դեռ երբեմն ալ կը համեմէ իր էջերը
քաղաքական տարօրինակ յօդուածներով
(կ՛երեւի այդ ալ վաճառման կ՛օգնէ):

Բայց եւ այնպէս,
Դիմատետրն է, որ բացայայտեց,
թէ որքան խոր աղճատուած է,
այլասերած է մայրենին
իր զոյգ թեւերով` հաւասարապէս,
որքան օտար բառեր կը վխտան այտեղ,
(մի՛ մոռնաք, որ սփիւռքի մէջ
կարգ մը տնօրէն-տնօրէնուհիներ
կամ հոգաբարձութեանց շա՜տ յարգելի անդամներ,
կը խորհէին ի՞նչ տոկոսով հայերէն տալ
սփիւռքահայ աշակերտին,
եւ պարզապէս հայերէնի ուսուցումը
աւելորդ պերճանք կը նկատէին).
եւ թէ ինչո՞ւ իրենց թերի անգլերէնով
կամ լատինատառ կը գրեն շատեր`
իրենց խոցելի, գլխիվայր դարձած
ուղղագրութիւնը ծածկելու համար,
իսկ Լեւոն Շառոյեանը, Հալէպէն,
հոսանքն ի վեր Դիավարելով,
կը փորձէ դիմատետրի
եւ մամուլի սխալները սրբագրել:

 

 

Նախորդը

«Դրախտին Անունը Արցախ Է»

Յաջորդը

Մահացաւ Դեղագործ Գէորգ Գէորգեանը 1945-2023

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.