Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Հայութեան Եւ Հայերէնի… Ջաւախքը

March 30, 2012
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իւրայատուկ երկիր է Վրաստանը իր հարիւրաւոր տարբեր տեսակի ժողովուրդներով եւ ցեղախումբերով, այնքան մը լրջօրէն կարելի է հարցադրել, թէ մեծամասնութեամբ փոքրամասնութիւններով բաղկացած հողաշերտ մը ինչպէ՞ս կարելի է ղեկավարել: Տեղւոյն խորհրդարանի մէկ յատուկ նիստին կողմէ ազգային փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան շրջանային համաձայնագիրին վաւերացումը յուսադրիչ կը նկատուէր, այն առումով, որ շրջանի զանազան խնդիրները վերջապէս կրնային ստանալ արմատական լուծում: Այս իւրայատուկ կացութեան մէջ կը գտնուի Ջաւախքը, որուն հանդէպ ցայսօր կատարուած անարդարութիւնն ու անտարբերութիւնը կը շարունակեն մտահոգութիւն ստեղծել եւ լուրջ հարցադրումներու դուռ բանալ:

Բազմիցս հանդիպումներ եւ առաջարկներ յաչս արդարութեան մնացած են անպատասխան եւ ապարդիւն: Կեդրոնական իշխանութիւններ հետեւողական ձեւով ներկայութիւն են եւ այնպիսի կացութիւն մը կամ բուրգ մը հիմնած են, որ ամէն մէկ շարժում, որոնում եւ գործընթաց… կախեալ են կեդրոնական իշխանութիւններէն, այս մէկը նոյնիսկ եթէ նշանակովի կարգավիճակէն անդին, ունի ընտրովի կարգավիճակ: Արդարեւ, այսպիսի անհանդուրժելի եւ նուաստացուցիչ օրէնքներու կիրարկումով փոքրամասնութիւնները ներկայացուած են ոչ թէ նուազագոյն թիւով, այլ ընդհանրապէս բացակայ են, չըսելու համար non grata` անհանդուրժելի:

Այո՛ եւ հաստատօրէն անկասկած հայութեան կը պատկանի Ջաւախքը… Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքէն դուրս գտնուող, ամէնէն աւելի միատարր հայաբնակ երկրամասը: Ասոր հետեւանք… Այո՛, նաեւ հայոց լեզուին կը պատկանի Ջաւախքը, իր իւրայատուկ բարբառներով:

Փաստօրէն, զանազան շրջաններէ տեղական ինքնակառավարման մարմիններ օրինականօրէն որոշած են դիմել իշխանութիւններուն` Վրաստանի նախագահին եւ խորհրդարանի նախագահին, պահանջելով, որ ձեռնարկեն անյետաձգելի եւ անհրաժեշտ միջոցներ` Վրաստանի սահմանադրութեան մէջ ամրագրելու յօդուած, որ վրացերէնի կողքին, հայոց լեզուի համար կը սահմանէ տարածաշրջանային լեզուի կարգավիճակ:

Այսպէս, հայոց լեզուին հանդէպ վրացիներուն կեցուածքն ալ կը մնայ անտարբեր եւ անտեղեակ: Դժբախտաբար, ցայսօր հայկական գիրքերու, դասագիրքերու եւ Հայաստանի մէջ արտադրուած գրենական պիտոյքներու մուտքն ու օգտագործումը շրջանէն ներս նոյնքան մեծ յանցանք է… որքան` թմրեցուցիչի կամ խթանիչ դեղերու գործածութիւնը:

… Եւ չյանդգնիլ երգել շրջանի զաւակ, հանրածանօթ ֆրանսահայ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի մէկ երգը. «Որովհետեւ սխալական է Հայաստանի զաւակ ըլլալ»-ը (… Puisqu’il est fautif d’être enfant d՛Arménie):

 

Նախորդը

Դարպաս. Այց Սահմանամերձ Չինարի Գիւղ

Յաջորդը

Լուսարձակ. Քաղաքակիրթ Վերաբերում ՀՄԸՄ-ի Վեթերան Եղբայրներու Նկատմամբ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.