Պարսելոնա եւ Ռոլինկ Սթոնզ (ռոք երգերու խումբ) միացան իրարու, եւ Պարսելոնայի տարազին վրայ պիտի տեսնենք Ռոլինկ Սթոնզի հռչակաւոր «լեզու եւ շրթունք»-ի լոկոն յառաջիկայ շաբաթ Ռէալ Մատրիտի դէմ տեղի ունենալիք Քլասիքօ մրցումին:
Երաժշտութեան աշխարհահռչակ «Սփոթիֆայ» ծառայութիւնը, որ Պարսելոնան հովանաւորողներէն մէկն է, 2021-էն ի վեր նախապէս նոյն ձեւի ծանուցումներ կատարած էին Տրէյքի եւ սպանացի երգչուհի Ռոսալիայի հետ, երբ անոնք նոր ձայնասկաւառակ հրապարակեցին: Այս անգամ կարգը Ռոլինկ Սթոնզին եղաւ, ուր Միք Ճեկըրի, Քիթ Ռիչըրտսի եւ Ռոնի Վուտի խումբի լոկոն պիտի փոխարինէ Սփոթիֆայ անունը:
Նշենք, որ Պարսելոնայի աղջկանց խումբն ալ 5 նոյեմբերին նոյն ձեւով պիտի կրեն տարազը` Սեւիայի դէմ մրցումին:


