Ըստ «Ֆորպս»-ի փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 2023-ի ամէնէն շատ վճարուած մարզիկն է եւ կը շահի աւելի քան Լիոնել Մեսսին եւ Նէյմարը միասին:
Ռոնալտօ, որ «Ֆորպս» կը դասէ ամէնէն շատ վարձատրուող մարզիկը որեւէ մարզախաղի, կը գլխաւորէ «հարուստներու» ցանկը` ընդհանուր եկամուտ ունենալով 260 միլիոն տոլար:
Փորթուգալցի յառաջապահը, որ յունուարին լքեց Անգլիոյ Մանչեսթըր Եունայթըտ ակումբը եւ միացաւ Սէուտական Արաբիոյ Նասըր խումբին` 200 միլիոն տոլարի փոխարէն, ծանուցումներու եկամուտ ալ ունի «Նայքի»-էն եւ «Ճէյքըպ էնտ քօ»-էն` մօտաւորապէս 60 միլիոն տոլար տարեկան:
Արժանթինցի Լիոնել Մեսսի, որ «Էմ. Էլ. Էս.»-ի առաջին ֆութպոլիստն է, որ այս ցանկին մէջ կը գտնուի Տէյվիտ Պեքհամէն ետք (2012-ին), կը վճարուի մօտաւորապէս 135 միլիոն տոլար` Մայեմիի Ինթէրին հետ:
Պրազիլիոյ յառաջապահ Նէյմար կ՛ամբողջացնէ դասաւորման 3-րդ դիրքը 112 միլիոն տոլարով, միանալէ ետք Հիլալին (Սէուտական Արաբիա) անցեալ օգոստոսին:
Սէուտական «Փրօ-լիկ»-ի ազդեցութիւնը զգալի է «Ֆորպս»-ի ցանկին վրայ` 4 ներկայութեամբ (Ռոնալտօ, Նէյմար, Պենզեմա եւ Մանէ) առաջին 11-ին մէջ:
Քիլիան Էմպափէ կը յաջորդէ Նէյմարին` 4-րդ դիրքին վրայ, չնչին տարբերութեամբ իր նախկին խմբակիցէն` Փարիզ Սեն Ժերմենի մարզիկ Նէյմարէն, 110 միլիոն տոլարով:
«Փրէմիեր լիկ»-ի լաւագոյն վճարուած մարզիկը` Էրլինկ Հաալանտ (Մանչեսթըր Սիթի) կը գերազանցէ Լիվըրփուլի մարզիկ Մոհամետ Սալահը եւ խմբակից Քեւին տը Պրունյէն:
«Ֆորպս» յայտնեց, թէ հաշիւները եղած են իրենց ակումբներէն ստացած աշխատավարձերէ, յաւելավճարներէ (պոնիւս), 12 ամսուան ընթացքին շահած տիտղոսներէ, ելոյթներէ, ծանուցումներէ եւ իրենց նիւթական շահերէն` անձնական գործերէ:
Ստորեւ` «Ֆորպս»-ի 11 լաւագոյն վճարուած ֆութպոլիստներու ցանկը` 2023-ին.
1.- Քրիսթիանօ Ռոնալտօ` 260 միլիոն տոլար
2.- Լիոնէլ Մեսսի 135 միլիոն տոլար
3.- Նէյմար 112 միլիոն տոլար
4.- Քիլիան Էմպափէ 110 միլիոն տոլար
5.- Քարիմ Պենզեմա 106 միլիոն տոլար
6.- Էրլինկ Հաալանտ 58 միլիոն տոլար
7.- Մոհամետ Սալահ 53 միլիոն տոլար
8.- Սատիօ Մանէ 52 միլիոն տոլար
9.- Քեւին տը Պրունյէ 39 միլիոն տոլար
10.- Հրրի Քէյն 36 միլիոն տոլար
11.- Ռոպըրթ Լեվանտովսքի 34 միլիոն տոլար


