Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Յակոբ Տէր Մելքոնեան» Թատերասրահին Մէջ Եղիշէ Չարենցի 115-Ամեակին Նուիրուած Հանդիսութիւն Եւ Պարգեւատրումներ

March 29, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նորայր Ադալեան

Հայ տպագրութեան 500-ամեակին առիթով, հովանաւորութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան ու Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ կազմակերպութեամբ «Ծաղիկ» գրական-ազգային շաբաթաթերթին, երէկ` չորեքշաբթի, 28 մարտ 2012-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ Եղիշէ Չարենցի ծննդեան 115-ամեակին առիթով տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն բանախօսն էր գրող, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, հայրենի մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ Նորայր Ադալեան:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, ձեռնարկին  բացման խօսքը արտասանեց «Ծաղիկ»-ի խմբագիր Ասպետ Ռուբինեան, որ մեծապէս գնահատեց ազգային գրող Չարենցին ներդրումը հայ գրականութեան մէջ: Ան յայտնեց, որ ուրախ երեւոյթ է Լիբանանի մէջ հիւրընկալել հայրենի մտաւորականներ Նորայր Ադալեանն ու Լեւոն Մութաֆեանը:

Գեղարուեստական յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին Դալար Մանտոյեան (ֆլիւթ) եւ Ռոնի Հինտի (դաշնակ), որոնք նուագեցին Առնօ Պապաճանեանի «Մեղեդի»-ն, Կոմիտասի «Կռունկ»-ը, Սայաթ Նովայի «Յիս մէ ղարիբ բլբուլի պէս»-ը եւ Կոմիտասի «Մոկաց միրզա»-ն, Շիրազ Ճերեճեան կարդաց Չարենցի «Երկիր Նայիրի» վէպէն հատուած մը, իսկ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան ասմունքեց Չարենցի «Սայաթ Նովա» եւ «Ես իմ անուշ Հայաստանի» ստեղծագործութիւնները:

Օրուան բանախօսը` դոկտ. Նորայր Ադալեան  ներկայացուց Եղիշէ Չարենցի գրական արժէքն ու ոճը, ինչպէս նաեւ ստեղծագործական պայմանները: Ադալեան շեշտեց, որ հայութեան դիմագրաւած պատմական դժուարութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան հանգրուանին Չարենց ե՛ւ կը տառապէր, ե՛ւ ապագայի փայլուն յոյսեր ունէր, իսկ լաւատեսութիւնը թէ՛ վիպապաշտական զգացում էր եւ թէ՛ ունէր ժողովուրդին յոյս տալու մօտեցումը:

Նորայր Ադալեան ըսաւ, որ 20-րդ դարու ոչ մէկ հայ գրող իր ստեղծագործութիւններուն մէջ մանրամասնօրէն արտայայտած է եղեռնական ժամանակի դէպքերը, որքան ներկայացուցած է Չարենց:

Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեան, որ շեշտեց, թէ նմանօրինակ ձեռնարկներ դաստիարակչական իմաստով ունին իրենց կարեւորութիւնը: Քոչարեան յայտնեց, որ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութիւնը Ուիլիըմ Սարոյեանի մետալը կը շնորհէ Նորայր Ադալեանին` առ ի գնահատանք իր բազմամեայ վաստակին: Ան նաեւ թատերագէտ, գրականագէտ  Լեւոն Մութաֆեանին յանձնեց Հայաստանի գրողներու միութեան ոսկիէ մետալը` իր ունեցած բազմամեայ գրական վաստակին առիթով:

Ձեռնարկի աւարտին Նանօր Մաճառեան երգեց «Հայաստան աշխարհ» եւ «Հայոց աշխարհ» երգերը:

 

Նախորդը

Բժիշկներու Սենտիքայի Նախագահը Այցելեց Լիբանանահայ Բժիշկներու Միութեան Կեդրոնատեղին

Յաջորդը

Իրան Նոր Անօդաչու Թռչող Սարքերու Արտադրութեան Սկսած Է

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.