Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Համայն Հայութեան Իղձերը, Պատմական Արդարութիւնը Եւ Արցախի Վերամիաւորումը (Սեպտեմբեր 21-ի Առիթով)

September 21, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արձանագրենք, որ մեր ժամանակակից պատմութեան ծանրագոյն պահերն են, որոնք կ՛ապրինք ազգովին: Հերոսական Արցախին կը պարտադրուի զինեալ ուժերու լուծարում եւ համարկումի օրակարգ: Ստեփանակերտի ներկայացուցիչները շուտով կը մեկնին Պաքուի կողմէ որոշուած վայր` Ազրպէյճանի սահմանադրութեան շրջանակներուն մէջ բանակցելու ցեղային զտումի քաղաքականութիւն կիրարկող բռնատիրական վարչակարգի ներկայացուցիչներուն հետ:

Աշխարհը կոչերով, արտակարգ նիստ գումարելու որոշումներ կայացնելով, մարդասիրական օժանդակութիւններ տրամադրելու պատրաստակամութիւն յայտնելով, նոյնիսկ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներ կայացնելով կը հետեւէր արցախահայութեան դէմ կիրարկուող ցեղասպանական քաղաքականութեան:

Մարդասիրական աղէտի ստեղծում, անցակէտերու տեղադրում, ամբողջական շրջափակում եւ հետեւող արար` պատերազմական գործողութիւններով յարձակում Արցախի ոչ միայն զինուորական կէտերուն, այլ նաեւ բնակավայրերուն, քաղաքացիական հաստատութիւններու եւ ընդհանրապէս քաղաքներու եւ բնակչութեան վրայ:

Այս շղթայական գործողութիւնները Արցախի ամբողջական հայաթափման ծրագիրին մաս կը կազմեն, որ կը կիրարկուի 21-րդ դարուն, քաղաքակիրթ աշխարհի եւ միջազգային բազում օրէնքներով ցեղասպանական արարքներ կանխարգիլելու կոչուած մարդկութեան եւ պետութիւններուն աչքին առջեւ:

Ցեղասպանական քաղաքականութեան իւրաքանչիւր արարին, Երեւանը ոչ միայն համարժէք չարձագանգեց, այլեւ ընթացաւ զիջումէ զիջում: Նախ դադրեցուց պետական պաշտօնեաներու այցելութիւնները Արցախ, իր հռետորաբանութենէն դուրս հանեց Արցախի Հանրապետութիւն  բառեզրը, ապա` շրջանցեց ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքը, յետոյ յայտարարեց, որ դուրս կը բերէ իր զօրքերը արցախեան տարածքներէն: Աւելի՛ն. պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Արցախը կը ճանչնայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Մէկ կողմէ ահազանգելով ցեղասպանական քաղաքականութեան եւ հայրենազրկումի վտանգը, միւս կողմէ միակողմանիօրէն զիջելով, Պաքուին տրամադրեց սանձարձակ ռազմական յանցագործութիւններ իրականացնելու եւ իր իսկ կողմէ ստորագրուած համաձայնութիւնները ոտնահարելու կարելիութիւնները:

Ռուսերու միջնորդութեամբ եւ երաշխաւորութեամբ կայացած նոյեմբերեան համաձայնութիւնը ամբողջովին չեղարկուած է իրողապէս: Միջնորդութեան ղեկը աշխարհաքաղաքական այլ ուժերու չփոխանցելու մօտեցումով Մոսկուան շարունակեց չէզոքութեան եւ հաւասար հեռաւորութեան խաղը, որ նաեւ ռուսական շահերը հարուածեց այս պարագային:

Ազրպէյճանական անցակէտեր տեղադրուեցան, անցակէտերէն քաղաքացիներ առեւանգուեցան, Արցախը ամբողջական շրջափակումի ենթարկուեցաւ եւ հրադադարը  շփման գիծի երկայնքով ոչ միայն խախտեցաւ, այլ նաեւ ռազմական գործողութիւններ սանձազերծուեցան:

Հաւաքական Արեւմուտքը այս բոլորին մէջ յայտարարեց անվտանգութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան երաշխաւորման գործիքներու մասին, սակայն դէտերով, փաստահաւաք առաքելութիւններով եւ կարիքներու ուսումնասիրութեան գործուղումնային խումբերով բաւարարուեցաւ: Նոյնիսկ Եւրոպայի մարդու իրաւունքներու կամ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումներու ոտնահարումին ականատեսի դիրքերէ հետեւեցաւ: Պատժամիջոցները բացակայեցան: ՄԱԿ-ի ապահովութեան խորհուրդը չհամաձայնեցաւ պարտադիր որոշում կայացնելու սկզբունքին շուրջ:

Ազրպէյճանը անպատժելիութեան ընդհանուր մթնոլորտին մէջ  եւ այդ իրականութեան դիմաց պարտադրեց համարկումի օրակարգը:

Ահա ա՛յս պայմաններուն եւ հանգամանքներուն մէջ է, որ սեպտեմբեր 21-ը խորհրդածութիւններու կ՛առաջնորդէ հայ քաղաքական միտքը կամ ընդհանրապէս հայ մարդը: Իրողապէս Արցախին կը սպառնայ Նախիջեւանի ճակատագիրը:

Վերանկախացումը մտածել կու տայ անկախացումին եւ Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան կերտումի պայմաններուն մասին: Անոր եւս պարտադրուեցան համաձայնագրեր, բռնագրաւուեցան տարածքներ: Սակայն այդ սերունդը յաջողեցաւ անձեւ քաոսէն կերտել անկախութիւն եւ պետականութիւն, որովհետեւ գիտցաւ համախմբել ազգը եւ անկարելին կարելի դարձնել:

Աշխարհաքաղաքական իրադարձութիւնները կը կրկնուին: Չի կրկնուիր սակայն այդ սերունդը, այդ պատճառով ալ անձեւ քաոսէն հրաշքներ չեն կերտուիր, այլ քաոսի խորացում կը գրանցուի:

Մենք պէտք է նայինք Անկախութեան հռչակագիրին, որուն իրաւադրոյթները կ՛ամրագրեն մայիս 28-եան իրաւաժառանգորդ ըլլալու հանգամանքը:

Անկախութեան հռչակագիրը կը խօսի Արցախի` Հայաստանին վերամիաւորման, համայն հայութեան իղձերու կնեսագործման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման  հրամայականներու մասին:

Արցախը հռչակագրային այդ դրոյթներուն մաս կը կազմէ: Եւ մենք ազգովին անպայման կը կենսագործենք թէ՛ պատմական արդարութիւնը, թէ՛ համայն հայութեան իղձերը եւ թէ՛ Արցախի վերամիաւորումը:

Այդ հրամայականին նախապայմանը սակայն Առաջին Հանրապետութեան կերտիչներու ոգիով պետութեան ղեկին յայտնուելիք իշխանութիւնն է:

 

Նախորդը

Արցախի Իշխանութիւնները Համաձայնեցան Լուծարել Պաշտպանութեան Բանակը Եւ Քննարկել Ազրպէյճանի Հետ Համարկումի Հարցը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (21 Սեպտեմբեր 2023)

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.