Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԿՆԱՐԿ. Վտանգին Տեսանելիութիւնը Եւ Միտումնաւոր Կարճատեսութիւնը

March 28, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեւութական որոշ դադարէ ետք, Անգարայի ներկայացուցիչները վերայայտնուած են լիբանանեան հրապարակներուն վրայ` կրթական եւ մշակութային տարազներով: Երկուշաբթի, Պէյրութի մէջ, լիբանանցի  իր գործընկերոջ ներկայութեան Թուրքիոյ կրթութեան նախարարը բացումը կը կատարէր թրքական մշակութային կեդրոնին. մինչ, հիւսիսային Լիբանանի մէջ  Քաուաշրա շրջանը կը հիւրընկալէր թուրք նախարարը` կատարելու համար հանրային վարժարանի մը հիմնարկէքը:  Այս առիթով իր տուած հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին թուրք նախարարը նպատակայարմար կը նկատէր յայտարարելը, թէ շուտով կը սպասուի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլուի այցելութիւնը Լիբանան:

Թուրք նախարարի լիբանանեան յագեցած ժամանակացոյցէն զատ այլ լրատուութիւն մը կը գրաւէր երկրին մէջ թրքական շարժումներուն հետեւողներուն ուշադրութիւնը: Լիբանանեան լրատուամիջոցները կը հաղորդէին, որ յառաջիկայ օրերուն մարոնի պատրիարք Պշարա Ռայի կը մեկնի Թուրքիա:

Լրատուութիւնը անմիջապէս կը վերյիշեցնէ նախարար Տաւութօղլուի Լիբանան կատարած վերջին այցելութեան ընթացքին բարձրացուած հարցը` Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ եկեղեցիներու եւ իսլամ հոգեւոր ներկայացուցիչներու միջեւ Թուրքիոյ մէջ երկխօսութիւն կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը: Այս հարցը արծարծուած էր լիբանանեան համայնքի հոգեւոր կարգ մը պետերու եւ յատկապէս Ռայի պատրիարքին եւ նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլի հետ:

Պատրիարքին այս այցելութեան նպատակն ու բնոյթը պաշտօնապէս չեն նշուիր, այսուհանդերձ,  մամլոյ կարգ մը ներկայացուցիչներ պատրիարքին հետ կապուած Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք հոգեւոր գործունէութեան որոշ մանրամասնութիւններ կը փոխանցեն: Պարզ է, որ առաջադրուած ընդհանուր նպատակին` քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութիւն ծաւալելու նախապատրաստութիւնն է, որ կը կատարուի այս ձեւով: Աւելի ընկալելի կը դառնար պատրիարքին այցելութիւնը Թուրքիա, եթէ այնտեղ գոյութիւն ունենար մարոնի նկատառելի համայնք: Այս տրամաբանութենէն մեկնելով չէ բացառուած, որ Ռայի պատրիարքին այցելութեան հետեւին Անգարայի համապատասխան կառոյցներու հրաւէրով Թուրքիա մեկնող լիբանանեան այլ համայնքներու հոգեւոր պետերը:

Վերադառնանք կրթութեան եւ մշակոյթի ոլորտներուն: Թրքական մշակութային կեդրոնը, Անգարայի կողմէ հովանաւորուող դպրոցներուն առընթեր կ՛ենթադրէ լիբանանեան հանրութեան որոշ խաւին հետ այլեւս կառուցակարգուած մնայուն հաղորդակցութիւն: Թրքերէնի դասընթացքներ, Թուրքիոյ մշակոյթին ծանօթացում, ամենայն հաւանականութեամբ թրքական մշակութային ձեռնարկներու կազմակերպում եւ համապատասխան գործունէութեան ծաւալում. այս բոլորը կը նախանշեն, որ Անգարան յաւակնոտ եւ համարձակ քայլով մը առեւտրականին եւ ապրանքաշրջանառութեան մարզերուն կողքին մշակութային ներկայութեան նոր սկիզբ կ՛ապահովէ:

Կրթականին եւ մշակութայինին զուգահեռ եւ անոնցմէ նոյնիսկ առաջ առողջապահական ոլորտն էր, որուն վրայ կանգ առած էր Անգարան` հիւանդանոցներ եւ դարմանատուներ վերանորոգելով կամ նոյնիսկ նորեր կառուցելով: Կը նկատուի շատ արագ, որ ընտրուած մարզերը անմեղունակ ոլորտներ են` մարդասիրական, կրթական, մշակութային եւ կրօնական երեւութական նպատակներով, խորքին մէջ սակայն նոր օսմանականութեան ծաւալումին համար ուղիներ հարթող զուտ քաղաքական գործողութիւններ են անոնք, որոնք անպայման լիբանանեան շահերէն չեն բխիր:

Հարաւի մէջ հիւանդանոցներ նորոգող եւ զօրամիաւորումներ ունեցող, հիւսիսի մէջ դպրոցներ հովանաւորող, Պէյրութի մէջ մշակութային կեդրոններ բացող եւ Պէյրութ-Անգարա կրօնական կամուրջներ նետող Թուրքիան անարգել կը տեղաւորուի մայրիներու երկրին մէջ: Անգարա-Դամասկոս աննախընթաց բայց կարճատեւ մերձեցումը պէտք է բաւարար յուշարարի դեր կատարէ պաշտօնական Պէյրութին նոր օսմանականները հիւրընկալելու եւ անոնց կողմէ հիւրընկալուելու պահերուն:

Այս վտանգը զուտ հայկական հայեցակէտ չունի: Լիբանանեան տեսադաշտին մէջ է անիկա շատ անմիջականօրէն: Վտանգին այս տեսանելիութիւնը համալիբանանեան ակնոցներով յստակ է, եթէ անշուշտ միտումնաւոր կարճատեսութեամբ մօտեցող կողմեր պարզապէս չուզեն նկատել իրադրութիւններուն ետին կանգնած քաղաքական շարժառիթները:

 

 

 

«Ա.»

Նախորդը

Արցախ. Անցեալ Շաբաթ Զինադադարը Խախտուած Է Շուրջ 250 Անգամ

Յաջորդը

Լաւրով Հայաստան Պիտի Այցելէ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.