Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Ախոյեան Մըն Է

March 28, 2012
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վերջապէս գտնուեցաւ դաշտ մը, որուն մէջ Թուրքիա ունի համաշխարհային բացարձակ ղեկավարութիւն:

Ո՛չ, սպասեցէ՛ք. ասիկա յօդուած մը չէ, որ կը քննադատէ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը (ԱԲԿ): Ասիկա յօդուած մըն է, որ կը պատկերէ Մարդկային իրաւանց միջազգային ատեանին (ՄԻՄԱ) հետ վերջին 52 տարիներուն Թուրքիոյ դառն հաշուեցուցակը: Այսինքն, ձախէն աջ, արմատական կարծր իսլամականներէն մինչեւ հաւատաւոր, ցմահ աշխարհիկներ, բոլոր կուսակցութիւնները, որոնք 1959-էն ի վեր մինչեւ այսօր, պատմութեան մէջ այս կամ այն պահուն բաժնած են Թուրքիան կառավարելու պատասխանատուութիւնը, դերակատար են այս ամօթին մէջ:

Երկրի մը դէմ յարուցուած հայցերու ընդհանուր թիւով Թուրքիա առաջին դիրքը կը գրաւէ 2747 հայցերով: Թուրքիոյ դէմ շուրջ 29929 բողոքներ արձանագրուած են ՄԻՄԱ-ի մօտ, 59 առ հարիւրը ընդհանուր դիմումներուն մերժուած է միջազգային ատեանին կողմէ: 2747 պարագաները, հայցերը, որոնք աւարտած են, կը կազմեն Թուրքիոյ դէմ ուղղուած 15940 բողոքներուն 15 առ հարիւրը, որ ատեանը համաձայնած է լսել:

Շնորհիւ Կիպրոսի խնդրին` Թուրքիա հիմնականին մէջ ստացած է կալուածային, գոյքային իրաւունքներու խախտումներու դատական վճիռներ. ընդհանուր առմամբ` 611 պարագաներ:

Թուրքիա նաեւ յայտնի ախոյեան է ազատութեան եւ անվտանգութեան խախտումներու առումով. ընդհանուր առմամբ` 544 պարագաներ:

Թուրքիա 207 պարագաներու դատական վճիռներ ստացած է, որոնք կ՛առնչուին մտածելու ազատութեան խախտումներուն համար երկրին դէմ ներկայացուած բողոքներուն:

Այս ցուցանիշը շատ ցած է` համեմատած տարբեր հանգամանքներու, դասակարգերու, այնպէս չէ՞:

Ատիկա բացարձակապէս ճիշդ է, բայց ամէն ոք պէտք է իր երկրին վրայ վստահութիւն ունենայ: Երբ ներքին արդարադատական մեքանիզմները սպառին, անմիջապէս հազարաւոր նոր պարագաներ, հայցեր պիտի ներկայացուին Թուրքիոյ դէմ` մտածելու ազատութեան մեծաքանակ խախտումներու բողոքներով:

Նոյնիսկ մէկ կողմ ձգելով Էրկենեքոնի եւ «Լախտի հարուած»-ի պարագաները եւ ԱԲԿ-ի «յառաջադէմ արդարութեան» նման վիպային դիպաշարեր, ինչպէս նաեւ` ճաղերու ետին աւելի քան հարիւր լրագրողները, կան չնչին պարագաներ, ինչպէս ուսանող մը, որ վռնտուեցաւ Մանիսայի համալսարանէն, որովհետեւ ան պնդած էր քեմալական ըլլալը: Այլ ուսանող մը նոյն համալսարանէն արտաքսուեցաւ, որովհետեւ քննադատած էր փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչը, իսկ ուրիշ ուսանող մը 42 տարուան բանտարկութեան կրնայ դատապարտուիլ, որովհետեւ իր գրպանին մէջ երեք հաւկիթներ ունէր (ենթադրաբար բողոքի ատեն ատոնք քաղաքական գործիչի մը վրայ նետելու համար):

Այս բոլորը կը շեշտեն այն փաստը, որ յառաջիկայ տարիներուն Թուրքիա պիտի պահէ ախոյեանի իր կարգավիճակը` մտածելու ազատութեան խախտումներու մարզին, դաշտին մէջ:

Հաւանակա՞ն է, որ այս երկրի արդարադատութեան անցեալ եւ ներկայ նախարարները ընդունին, որ ՄԻՄԱ-ն Թուրքիան յանցաւոր նկատած է 729 պարագաներու` արդար դատավարութեան սկզբունքին հաւատարիմ չմնալուն համար, կամ ՄԻՄԱ դատապարտած է Թուրքիան 493 պարագաներու` դատավարութեան աւելորդ ձգձգումներու համար: Եւ արդեօ՞ք հնարաւոր է հաշտուիլ յառաջադէմ ժողովրդավարութեան եւ արդարադատութեան հասկացողութեան այն փաստին հետ, որ Թուրքիա դատապարտուած է 138 պարագաներու` արդիւնաւէտ հետաքննութիւն չիրականացնելու համար:

Թուրքիա վերջերս ցնծութեամբ նշեց ազատ արձակումը չորս լրագրողներու, որոնց շարքին` Ահմեթ Շիք եւ Նետիմ Շեներ: Անոնք աւելի քան տարիէ մը ի վեր արգելափակուած էին այն ամբաստանութեամբ, որ կը պատկանին ահաբեկչական խումբի մը, որ կը ձգտի երկրին մէջ զինուորական յեղաշրջումի համար հող նախապատրաստել: Անոնց միւս պաշտօնակիցներէն ոմանք, Մուսթաֆա Պալպայ եւ Թունճայ Էօզքէն, ոչ միայն աւելի քան չորս տարիէ ի վեր բանտն էին, այլեւ գրեթէ տարի մը մնացած են մեկուսացուած: Այս պաշտօնակիցները կրնան կառավարութեան կողմէ ընդունուած, գնահատուած ձեւով գրած չըլլալ, բայց ո՞ր քրէական գործողութեան մասնակցած են, բացի գրելէ, որպէսզի այսքան երկար տարիներ մնան ճաղերու ետին:

Այս չորսին ազատ արձակումին պատճառով, հաղորդամիջոցներու միջանցքներուն մէջ, ճարպակալած` իշխանութեան անվերապահ հնազանդութեամբ, կը խօսուի, թէ Թուրքիոյ մէջ կլիմայի, մթնոլորտի փոփոխութիւն կրնայ ըլլալ:

Սակայն մեր պաշտօնակիցը` Միւյեսեր Եըլտըզ, իր բանտի խուցէն կ՛աղերսէ, որ իրեն գոնէ կատու մը տան, որպէսզի կիսէ իր խելացնոր առանձնութիւնը…

Եւ Թուրքիա ախոյեան մըն է:

ԵՈՒՍՈՒՖ ՔԱՆԼԻ

«Հիւրրիյէթ»

Նախորդը

«3×4»-ը Հաղորդակցութեան Զոհ Կը Դառնայ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Վարչապետը Ինչո՞ի Կ՛Ախորժի Կռուազանութենէ

RelatedPosts

hrantmarkarian
Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.