Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախ` Հայկական Ինքնութեան Պաշտպանութեան Միջնաբերդ. Շուշիի Հայկական Տպարանները

September 13, 2023
| Պատմական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Արցախ հինէն ի վեր հոգեւոր կեանքի, մշակոյթի, կրթութեան եւ լուսաւորութեան կեդրոն եղած է, եւ արցախցիք հրատարակչական աշխուժ գործունէութիւն ծաւալած են:

Արցախի մէջ հրատարակչութեան եւ պարբերական մամուլի զարգացումը պայմանաւորուած էր Շուշիի արդիւնաբերական, արհեստագործական եւ առեւտրական կեդրոն ըլլալու հանգամանքով: Տնտեսական զարգացումը նպաստեց մշակութային զարթօնքին:

Շուշի հայ տպագրութեան կարեւորագոյն օճախ դարձաւ:

Հայ գիրքի տպագրութիւնը սկիզբ առած է հայրենիքէն հեռու` Վենետիկի մէջ, 1512-ին եւ այնուհետեւ տարածուած է դէպի Մատրաս, Կալկաթա, Վիեննա, Պոլիս, Զմիւռնիա եւ Թիֆլիս: Հայրենի հողի վրայ առաջին տպարանը բացուեցաւ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, 1771-ին, երկրորդը` Շուշիի մէջ, 1827-ին:

Գրահրատարակչութիւնը շուշեցիներուն համար դարձաւ պատիւի, հեղինակութեան եւ հայրենասիրութեան չափանիշ:

* * *

Զուիցերիոյ Պազէլ քաղաքի Աւետարանական քարոզչական ընկերութիւնը քարոզիչներ Աուկուսթ Տիթրիխի եւ Ֆելիցիան Զարեմպայի ջանքերով Շուշիի մէջ 1827-ին տպարան բացաւ:

Ընկերութիւնը կրօնական քարոզչական նպատակներ կը հետապնդէր, եւ իր լուսաւորական ու բարեգործական գործունէութեամբ նպաստեց Արցախի մէջ կրթութեան զարգացման եւ տպագրութեան սկզբնաւորման:

Ընկերութեան հիմնած տպարանէն առաջին գիրքը` «Պատմութիւն Սուրբ Գրոց» խորագիրով, լոյս տեսաւ 1828-ին:

Քարոզիչները տպագրեցին բարոյական, խրատական եւ կրօնական բովանդակութեամբ գիրքեր` հայերէն եւ պարսկերէն լեզուներով եւ մայրենի լեզուի ուսուցման ձեռնարկներ` մատչելի աշխարհաբար հայերէնով:

Տպագրուող գիրքերը գրաքննութեան կ՛ենթարկուէին Ներսէս արքեպիսկոպոս Աշտարակեցիի եւ Էջմիածնի սինոտին կողմէ:

Քարոզիչները քանի մը տարուան ընթացքին քսաներկու անուն գիրք հրատարակեցին:

Քարոզիչներու գործունէութիւնը պատճառ դարձաւ դաւանափոխութեան տարածման. բան մը, որ բացասական տպաւորութիւն ձգեց:

Հայ հոգեւորականութեան դիմադրութեան պատճառով տպարանի աշխատանքները, ինչպէս նաեւ քարոզիչներու գործունէութիւնը ռուսական կառավարութեան հրամանով 1837-ին դադրեցուեցաւ:

* * *

Արցախի մետրոպոլիտ Բաղդասար արքեպիսկոպոս Հասան Ջալալեան իր միջոցներով Պազէլի քարոզիչներէն գնեց տպարանը եւ զայն վերանուանեց Հայոց հոգեւոր տեսչութեան տպարան:

Բաղդասար մետրոպոլիտի տպագրած առաջին գիրքը, 1837-ին, եղաւ Ճորճ Պայրընի «Շիլոնեան կալանաւորը», որ անգլիացի անուանի բանաստեղծի բանաստեղծութեան հայերէն առաջին հրատարակութիւնն է: Գիրքի տիտղոսաթերթին վրայ արձանագրուած է. «Վիճակաւոր առաջնորդին Ղարաբաղու բարձր սրբազան մետրոպոլիտի Բաղդասարայ»:

Բաղդասար մետրոպոլիտի խնդրանքով մոսկուաբնակ Յովհաննէս Յովնանեան մամուլ եւ հայերէն տառեր նուիրեց տպարանին:

Բաղդասար մետրոպոլիտ գիրքերը իր միջոցներով կը հրատարակէր: Հայրենասէր հոգեւորականի ջանքերուն շնորհիւ տպագրութեան գործը արհեստագիտական բարձր հիմերու վրայ դրուեցաւ:

Տպարանէն հրատարակուած գիրքերուն մէջէն պատմական մեծ արժէք կը ներկայացնէ յատկապէս Եսայի կաթողիկոս Հասան Ջալալեանի «Պատմութիւն կամ յիշատակ ինչ-ինչ անցից` դիպելոց յաշխարհին Աղուանից» երկասիրութիւնը:

Բաղդասար մետրոպոլիտ 1853 ապրիլին տպարանը Արցախի թեմի վիճակային ատեանին` կոնսիստորիային կտակեց:

Բաղդասար մետրոպոլիտի վախճանումէն ետք, 1854-ին, տպարանը Արցախի նոր առաջնորդ Գէորգ եպիսկոպոս Վեհապետեանի տնօրինութեան յանձնուեցաւ:

Գէորգ եպիսկոպոս Յովհաննէս Յովնանեանի աջակցութեամբ բարեկարգեց տպարանը եւ զայն վերանուանեց Տպարան Սրբոյ Էջմիածնի: Տպարանը դարձաւ Սուրբ Էջմիածնի սինոտին սեփականութիւնը:

Այնուհետեւ տպարանէն հրատարակուեցան կրօնական եւ քերականական բովանդակութեամբ գիրքեր:

Տպարանը 1863-էն սկսեալ վարձքով աշխատցուցին տպագրիչ Մինաս Տարղլիճեանց, ապա` Խաչատուր քահանայ Ղալաբէկեան, Աւետիս Թառումեան եւ Բաբաջան Գրիգորեան:

Հոգեւոր դպրոցի տեսուչ Խորէն վարդապետ Ստեփանեան 1873-ին վերանորոգեց կիսակենդան դարձած տպարանը եւ 1874-ին վերսկսաւ «Հայկական աշխարհ» ամսագիրի հրատարակութեան:

Լէօ (Առաքել Բաբախանեան) իր գրական եւ հրատարակչական գործունէութիւնը սկսաւ այս տպարանէն` իբրեւ սրբագրիչ: Անոր բազմաթիւ գիրքերը հոն տպագրուեցան: Գիրքերու հրատարակութեան հովանաւորներ եղան Սմբատ Դադեան, Աւետիք Պապեանց եւ Յովսէփ Տէր Մինասեան:

Տպարանէն լոյս տեսան կրթական, գրական, կրօնական, քերականական, ուսուցողական գիրքեր, թարգմանութիւններ, Կովկասի հայոց բարեգործական ընկերութեան Շուշիի գրադարանի գրացուցակներ, Կոստանդին Մելիք Շահնազարեանի (Տմբլաչի Խաչան) գիրքերը եւ հայագէտ Մանուկ Աբեղեանի առաջին աշխատութիւնը:

Տպարանը գործեց մինչեւ 1902 եւ այնուհետեւ փակուեցաւ:

* * *

Մինաս Տարղլիճեանց, որ 1851-ին Շամախիի մէջ տպարան հիմնած էր, 1854-ին տպարան բացաւ Շուշիի մէջ:

Տարղլիճեանցի տպարանէն լոյս տեսան երկու գիրքեր` Ժամագիրք Հայաստանեայց Սուրբ եկեղեցւոյ եւ Նորահիւս էֆէնտի:

Տպարանը գործեց մէկ տարի եւ փակուեցաւ:

Յովհաննէս Յովնանեանց 1870-ին Շուշիի մէջ տպարան բացաւ եւ հրատարակեց միայն մէկ գիրք` Աւետարան տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի: Տպարանը նոյն տարին իսկ փակուեցաւ:

* * *

Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց Շուշիի հայ բողոքականներու առաջնորդն էր եւ տարբեր մեղադրանքներով դատարանի վճիռով մէկուկէս տարի Պաքու աքսորուած էր: Պաքուէն վերադառնալէ ետք, 1879-ին, ան Շուշիի իր տան մէջ գործող ժողովարանին կից իր որդի Աւագի աջակցութեամբ տպարան, վիմագրատուն ու գրավաճառանոց (գրատուն) հիմնեց: Աւագ Պաքուի մէջ հմտացած էր տպագրական գործին մէջ:

Տպարանին առաջին աշխատակիցները եղան Միրզաջանի զաւակները: Տպարանը արագ բարգաւաճեցաւ եւ ձեռք ձգեց ինչպէս հայկական, այնպէս ալ ռուսական եւ թրքական (արաբական) տառատեսակներ: Տպարանին գրաշարն էր Առաքել Մահտեսի Յակոբեանց, սրբագրիչը` Առաքել Բաբախանեան` Լէօ:

Տպարանէն լոյս տեսած առաջին գիրքը եղաւ «Պատմութիւն մտաւոր զարգացման Եւրոպիոյ» հատորը` 1879-ին, 430 էջ, Սուրբ Էջմիածնի միաբան Արիստակէս վարդապետ Սեդրակեանի թարգմանութեամբ: Հատորին մէջ կան տառասխալներ եւ տպագրական վրիպակներ, որոնք հետեւանք են տպարանատէրի անբարեխիղճ մօտեցման. աւելին, տպարանը որոշ տառեր չունէր, ինչպէս «փ» տառը:

Տպարանը ժամանակի ընթացքին ձեռք ձգեց հայերէն երկու եւ ռուսերէն ու լատիներէն մէկական տառատեսակներ:

Տիգրան Նազարեան, որ 1879-ին Շուշիի մէջ հրատարակչական գրասենեակ հիմնած էր, Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի հետ համագործակցելով 1881¬ին անոր տպարանէն հրատարակեց Մենկեւիչի «Պոզնանի ուսուցչի օրագրից» պատմուածքը եւ այնուհետեւ` քանի մը գիրքեր, նախատեսուած` երեխաներու, ծնողներու, դաստիարակներու եւ ժողովրդային զանգուածներու համար:

Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի հետ համագործակցելով, հրատարակիչ Աբէլ Ապրէսեան 1881¬ին անոր տպարանէն լոյս ընծայեց Րաֆֆիի «Խենթը»:

«Խենթ»¬ի տպագրութեան մասին Րաֆֆի յիշատակած է ագուլեցի Մելքոն Փանեանի ուղղուած նամակին մէջ. «Շուշիից Խենթի առաջին թերթերը ուղարկել էին ինձ տեսնելու համար. թուղթը բաւական լաւն է եւ տպագրութիւնը մաքուր. երեւում է, որ այնտեղի տպարանը փոքրիշատէ կանոնաւորուած է»:

Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանէն լոյս տեսան բազմաթիւ արժէքաւոր աշխատութիւններ: 1889-ին տպագրուեցաւ Մանուկ Աբեղեանի գրի առած «Դաւիթ եւ Մհեր, ժողովրդական դիւցազնական վէպ»-ը, իսկ 1891-ին` Աւետիս Բահաթրեանի «Հին հայոց տաղաչափական արուեստը. քննական տեսութիւն»-ը, որուն գնահատականը տուած է Եղիշէ Չարենց. «սա է գիրք հանճարեղ եւ զարմանալի` գրուած լինելով 90-ական թուականներին մի ինչ որ անյայտ շուշեցի ուսուցչի ձեռքով»:

«Տոկոսաբեր աղիւսակ. 10¬ի (թումանի) վերայ» գիրքը հրատարակուեցաւ 1891-ին: Գիրքի կազմին վրայ գրուած է` «Հրատարակիչ` Աւագ Մահտեսի Յակոբեանց» եւ «Տպարան Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանցի», իսկ անուանաթերթին վրայ նշուած է` «Հրատարակիչ տպարանատէր Ա. Մ. Մահտեսի Յակոբեանց»: Ասիկա կը նշանակէ, որ Միրզաջանի որդի Աւագ միաժամանակ տպարանատէր է, իսկ տպարանը կը շարունակէ կրել հօր անունը:

Միրզաջան Մահտեսի Յակոբեանց մահացաւ 1895 մարտին: Այնուհետեւ տպարանէն տպագրուած գիրքերու անուանաթերթերուն վրայ արձանագրուած է` «Տպարան Աւագ Մ. Մահտեսի Յակոբեանցի»:

Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանէն 1896-ին լոյս տեսաւ Երուանդ Լալայեանի խմբագրած «Ազգագրական հանդէս»-ի առաջին համարը:

Տպարանի գործունէութեան մէջ ուրոյն տեղ ունին դասագրքային հրատարակութիւնները, որոնցմէ այբբենարանները տպագրուած են քանի մը անգամ:

Մահտեսի Յակոբեանցներու տպարանը իր գոյութեան 26 տարիներու ընթացքին հրատարակեց 54 գիրք եւ մէկ հանդէս եւ 1905-ի հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ հրդեհուեցաւ Թաթար Խաժամուժին կողմէ:

 

 

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին Շնորհաւորական Նամակը` Արցախի Հանրապետութեան Նորընտիր Նախագահին

Յաջորդը

Հայրենի Կեանք

RelatedPosts

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ
Պատմական

Ֆրանս-Սուրիական Դաշնագիր Եւ Սանճագը Թուրքիոյ Կցելու Աշխատանքներ

September 30, 2026
Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը
Պատմական

Ալեքսանտրէթի Սանճագը Եւ Քեսապ Ու Շրջակայ Հայկական Բնակավայրերը

September 23, 2026
Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը
Պատմական

Վերապատուելի Տիգրան Անդրէասեան Քեսապի Մէջ Եւ Աւետարանական Նահատակաց Վարժարանին Բացումը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.