Վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթի անցեալ շաբաթավերջին կատարեց շարք մը հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ` հետեւելու համար Մարոքի մէջ լիբանանցի քաղաքացիներուն կացութեան, երկիրը հարուածած ահաւոր երկրաշարժէն ետք:
Ռապաթի մէջ գտնուող լիբանանեան դեսպանատան պաշտօնէութիւնը հաստատեց, որ Մարոքի մէջ գտնուող լիբանանցիները փրկուած են երկրաշարժէն:
Միւս կողմէ, Միքաթի ցաւակցագիր մը յղեց Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորին` ցաւ յայտնելով երկրաշարժին պատճառով արձանագրուած հազարաւոր զոհերուն համար:
Ան ցաւակցութիւն յայտնեց զոհերուն համար եւ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն` ընդգծելով Լիբանանի պատրաստակամութիւնը փրկարար աշխատանքներուն օժանդակելու եւ Լիբանանի կարելիութիւնները զետեղելու Մարոքի տրամադրութեան տակ:
Իր կարգին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ցաւակցագիր մը յղեց մարոքցի իր պաշտօնակիցին` Ռաշիտ Թալիպի Ալամիի:
Նշենք, որ Միքաթի այսօր պիտի նախագահէ կառավարութեան զոյգ նիստերուն, որոնցմէ առաջինը պիտի գումարուի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին` քննարկելու համար սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարը, իսկ երկրորդը պիտի գումարուի կէսօրէ ետք ժամը 3:30-ին` շարունակելու համար 2024-ի պետական ամավարկի նախագիծի քննարկումը:


