Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը Մայֆուքի Սայիտաթ Իլիժ վանքին մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ հաստատեց, որ Լեռնալիբանանի հաշտութեան տարեդարձի նշումը իրենց համար եղած է յանձնառութիւն` զայն շարունակելու եւ զարգացնելու իմաստով:
Ան ցաւ յայտնեց Մարոքը հարուածած երկրաշարժին համար եւ աղօթեց զոհերուն հոգիներուն հանգստութեան, ինչպէս նաեւ վիրաւորներուն ապաքինումին համար:
Ռայի պատրիարքը մարոնի եկեղեցւոյ անունով ցաւակցութին յայտնեց Մարոքի պետութեան:
Ռայի պատրիարքը, անդրադառնալով Լիբանանի համար զոհուած նահատակներուն հաստատեց, որ անոնք նահատակուած են պահպանելու համար Լիբանանի բազմազանութիւնը, լիբանանեան միասնականութիւնը եւ Լիբանանի սահմանադրութիւնը, որ երկիրը կը վերածէ հանդիպման եւ երկխօսութեան վայրի մը:
Ռայի պատրիարքը ընդգծեց, որ ազգային միասնականութեան վրայ հիմնուած համերաշխութիւնը, որ առկայ է նաեւ սահմանադրութեան մէջ, որեւէ իշխանութեան օրինականութիւն կ՛ընծայէ:
Ռայի պատրիարքը ցաւ յայտնեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանի զինեալ բախումներուն համար` հաստատելով, որ անիկա վտանգ կը տարածէ անվտանգ ապրող քաղաքացիներուն մօտ, ինչպէս նաեւ կը հարուածէ Պաղեստինեան դատը:
Այս շրջագիծին մէջ Ռայի պատրիարքը ըսաւ, որ Լիբանան չի կրնար Իսրայէլի եւ արաբական համախոհութեան նկատմամբ չէզոք գտնուիլ` աւելցնելով, որ իր յայտարարած չէզոքութիւնը կը վերաբերի Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային տագնապներէն զերծ կացուցելուն:
Ռայի պատրիարքը կոչ ուղղեց նախագահական ընտրութիւն կատարելու եւ Թաէֆի համաձայնագիրը գործադրելու:


