Իսլամական հոգեւորական գերագոյն խորհուրդը անցեալ շաբաթավերջին գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիանի:
Նիստին ընթացքին խորհուրդը միաձայնութեամբ երկարաձգեց հանրապետութեան միւֆթիի պաշտօնավարութիւնը` մինչեւ 76 տարեկան եւ շրջաններու միւֆթիներուն պաշտօնավարութիւնը` մինչեւ 72 տարեկան:
Խորհուրդը զգուշացուց նախագահական դատարկութեան փուլը երկարաձգելու վտանգէն` ընդգծելով Լիբանանի սահմանադրութիւնը գործադրելու եւ ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը:
Խորհուրդը կոչ ուղղեց արագացնելու հանրապետութեան նոր նախագահի ընտրութիւնը` զգուշացնելով, որ այս առումով արձանագրուած յապաղումը հայրենիքին վնասներ կը պատճառէ:
Խորհուրդը վերստին զգուշացուց տնտեսական ու ելեւմտական տագնապներուն վատթարացումէն եւ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն վերջ տալու ամուլ տարակարծութիւններուն եւ Լիբանանը փոխադրելու բարգաւաճման ու կայունութեան մակարդակ:
Խորհուրդը մերժեց կարգ մը երեսփոխաններու կողմէ պատժական օրէնքի թիւ 534 յօդուածը ջնջելու պահանջը` հաստատելով, որ այդ յօդուածը ոչ թէ ջնջելու մասին պէտք է մտածել, այլ` զայն խստիւ գործադրելու:
Այս շրջագիծին մէջ խորհուրդը կոչ ուղղեց յանձնառու մնալու լիբանանեան հասարակութեան պարկեշտ օրէնքներուն ու բարոյական սկզբունքներուն եւ պաշտպանելու ընտանիքները քանդիչ այն մտածումներէն, որոնք իսլամական օրէնքներուն խոտոր կը համեմատին:
Խորհուրդը մտահոգութիւն յայտնեց պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ արձանագրուած զինեալ բախումներուն առնչութեամբ` կոչ ուղղելով բոլորին անմիջապէս կասեցնելու այդ բախումները, որոնք կը ծառայեն պաղեստինեան հողերը բռնագրաւած սիոնական թշնամիի շահերուն:
Նշենք, որ միւֆթի Տըրիան շնորհաւորական հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ստացաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիէն, վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիէն, նախկին վարչապետներ Թամմամ Սալամէն, Սաատ Հարիրիէն եւ Հասսան Տիապէն, ներկայ եւ նախկին նախարարներէ եւ երեսփոխաններէ, ինչպէս նաեւ իսլամական եւ քրիստոնէական հոգեւոր հեղինակութիւններէ:
Միւֆթի Տըրիան շնորհակալութիւն յայտնեց Իսլամական հոգեւորական գերագոյն խորհուրդին` անոնց որոշումին համար եւ հաստատեց, որ Տար Ֆաթուան իր ամբողջ կարողականութեամբ պիտի փորձէ պահել համայնքը, հակառակ Լիբանանի դիմագրաւած դժուար պայմաններուն:
Միւֆթի Տըրիան կոչ ուղղեց ազգային անկեղծ եւ թափանցիկ երկխօսութեան մը, որ հսկայ փլուզումէ մը կրնայ փրկել երկիրը:
Նշենք, որ միւֆթի Տըրիանի շնորհաւորեց նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան նախկին ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որ հաստատեց, որ իրենք կարիքը ունին իմաստուն ղեկավարներու, որոնք յանձնառու պիտի ըլլան իսլամական միասնականութեան եւ ազգային համերաշխութեան պահպանումին:


