Պայէրն Միւնիխի յառաջապահ` Թոմաս Միւլըր հրաւիրուեցաւ Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբ, որ կը պատրաստուի Ճափոնի (9 սեպտեմբեր) եւ Ֆրանսայի (12 սեպտեմբեր) դէմ տեղի ունենալիք ֆութպոլի միջազգային բարեկամական մրցումներուն, այս մասին յայտնեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Փորձառու ֆութպոլիստը պիտի փոխարինէ Պորուսիա Տորթմունտի նորեկ, 30 տարեկան յառաջապահ Նիքլաս Ֆիուլկրուկը, որ վիրաւոր է:
33 տարեկան Միւլըր, որ 2010-ին իր նորամուտը նշեց Գերմանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին հետ, 121 մրցումի ընթացքին ցարդ նշանակած է 44 կոլ:


