Հիւսիսային ամերիկեան «Մէյճըր Լիկ»-ի ֆութպոլի ախոյեանութեան գծով տեղի ունեցած Լոս Անճելըս Կալաքսի-Ինթեր Մայեմի մրցումին, համակիր մը դէպի դաշտ մտնելով փորձեց մօտենալ արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիին:
Սակայն Մեսսիի անձնական թիկնապահը` Եասին Շուեքօ, իր կարգին դէպի դաշտ վազելով անմիջապէս բռնեց այդ համակիրը եւ զայն հեռացուց Մեսսիէն:
Նշենք, որ Տէյվիտ Պեքհամ իբրեւ թիկնապահ վարձած է Շուեքոն, որ անցեալին ծառայած է ամերիկեան բանակին մէջ, ինչպէս նաեւ եղած է «ԷՄ. ԷՄ. ԷՅ.»-ի մրցումներուն մասնակցած մարտիկ մը:
Վերոնշեալ մրցումին, Մայեմի արձանագրեց 3-1 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Ֆաքունտօ Ֆարիասի, Եորտի Ալպայի եւ Լէոնարտօ Քամփանիի նշանակած կոլերուն:
Թէեւ Մեսսի այս մրցումին կոլ չնշանակեց, սակայն կատարեց երկու էսիսթ:


