ՖԻՊԱ-ի պասքեթպոլի աշխարհի ախոյեանութեան քառորդ աւարտականի երկու մրցումները տեղի ունեցան երէկ:
Իրենց արձանագրած յաղթանակներուն շնորհիւ, Միացեալ Նահանգներ եւ Սերպիա, ապահովեցին կիսաւարտականի իրենց տոմսերը:
Միացեալ Նահանգներ 100-63 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Իտալիան, մինչ Սերպիա Լիթուանիան, 87-68 արդիւնքով:
Քառորդ աւարտականի մնացեալ երկու մրցումներուն գծով այսօր Գերմանիա կը մրցի Լաթվիոյ դէմ, իսկ Քանատա` Սլովենիոյ դէմ:


