Սլովաքիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սլովան Պրաթիսլաւա, որ հիւրընկալեց Զելեզիարնէ Փոտպրեզովան, անոր դէմ արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ Սլովանի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել` 22-րդ եւ 90+4-րդ վայրկեաններուն:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Սլովան այժմ 8 կէտով կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը` 7 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Զիլինայէն:


