Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «ԵՈՒ. ԷՍ. ՕՓԸՆ»-ի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի ծիրին մէջ, աշխարհի ընդհանուր դասաւորման երրորդ դիրքին վրայ գտնուող ռուս Տանիիլ Մետվետեւ ապահովեց Դ. հանգրուանի իր տոմսը` 6-2, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով պարտութեան մատնելով արժանթինցի Սեպասթիան Պայեզը (32-րդ):
Իրենց կարգին, Դ. հանգրուանի իրենց տոմսը ապահովեցին նաեւ թիւ 1 դասուած սպանացի Քարլոս Ալքարաս եւ 2-րդ դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչ:


