Հայաստանի տղոց ճատրակի Ա. դասակարգի 84-րդ ախոյեանութեան տիտղոսակիր դարձաւ Ռոպերթ Փիլիպոսեան, որ ապահովեց 7,5 կէտ:
Երկրորդ դիրքը 7 կէտով գրաւեց Էրիկ Չաքրեան, մինչ լաւագոյն եռեակը 6,5 կէտով ամբողջացուց Դաւիթ Տիրատուրեան:
Թէեւ Վահէ Սուքիասեան եւս ապահովեց 6,5 կէտ, սակայն ան լրացուցիչ ցուցանիշներով գրաւեց 4-րդ դիրքը:
Ախոյեանութիւնը տեղի ունեցաւ շրջանային դրութեամբ` 11 հանգրուանով:
Այսպիսով, Փիլիպոսեան, Չաքրեան եւ Տիրատուրեան, 2024-ին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Հայաստանի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան:


