Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Վալերի Քարփին, որ հրապարակեց իր կազմը, սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին տեղի ունենալիք մարզական հաւաքին համար նկատի առաւ 49 ֆութպոլիստներ:
Ան իր կազմին մէջ նկատի առաւ նաեւ Օրենպուրկի միջնապահ Ստեփան Օգանեսեան եւ Փարի Նիժկի Նովկորոտի միջնապահ Էտկար Սեւիկեանը, այս մասին յայտնեց Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Նշենք, որ անոնք երկուքն ալ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի հաւանական թեկնածուներ են:
Ռուսիոյ կազմը, որ 4-12 սեպտեմբերին Նովկորոտի մէջ հաւաք մը պիտի կատարէ շատ հաւանաբար կատարէ նաեւ ֆութպոլի բարեկամական մրցումներ:


