Ազրպէյճան շուրջ 50 երկիրներու, ներառեալ Թուրքիան եւ Ռուսիան, դիւանագէտներ Ակնա-Ստեփանակերտի ճամբու հատուած տարած է` ցուցադրելու համար մարդասիրական բեռը, որ Պաքուն մտադիր է փոխադրել Լեռնային Ղարաբաղ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն»-ը:
Այցելութեան նպատակը, ազրպէյճանական լրատուամիջոցներուն համաձայն, ցոյց տալն է «հայերուն շոն», որով կ՛արգիլուի «բեռնակառքերուն միջոցով Ղարաբաղ ալիւր ներածել»:
«Ազատութիւն» կը մատնանշէ, թէ թուարկուած երկիրներուն մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Միացեալ Նահանգներն ու Ֆրանսան կը բացակայէին:
Երեք օր առաջ Ազրպէյճանի Կարմիր մահիկը երկու բեռնատարներով Աղտամի ճամբով 40 թոն ալիւր ուղարկեց Լեռնային Ղարաբաղ` իբրեւ «մարդասիրական օգնութիւն»: Արցախցիները, սակայն, մերժեցին բանալ Ակնայի ճամբան եւ ընդունիլ Պաքուի օգնութիւնը:


