Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի Ուուշու-քոնկ ֆուի ֆետերասիոնին մարզիկները, նախարարութեան աջակցութեամբ, Չինաստանի մէջ տեղի ունեցած Ուու-շու-քոնկ ֆուի աշխարհի ախոյեանութեան տիրացան մէկ ոսկի, երկու արծաթ եւ երկու պրոնզ մետալի:
Աշխարհի ախոյեանութեան կոչման արժանացաւ Արտաշէս Աւագեան, ինչ որ հայկական Ուուշուի պատմութեան մէջ բացառիկ նուաճում մըն է` 22 տարուան ընթացքին:
Ան տիրացաւ նաեւ արծաթ մետալին, մինչ Գէորգ Երիցեան տիրացաւ արծաթ եւ պրոնզ մետալներու, իսկ Սիրանուշ Աւագեան` պրոնզ մետալին:


