Ռուսիոյ ֆութպոլի ազգային լիկայի ֆութպոլի ախոյեանութեան 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Արսենալ Թուլա, որ հիւրընկալեց Թորփետօ Մոսկուան, անոր հետ արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը:
Հիւրընկալ կազմին մաս կազմող հայրենի ֆութպոլիստ Իշխան Գելոյեան 36-րդ վայրկեանին նշանակեց մրցումին առաջին կոլը:
30 տարեկան Գելոյեան, որ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին ամբողջութեամբ ելոյթ ունեցած Ռուսիոյ մէջ` մաս կազմելով եօթը ակումբի, ազգային լիկային մէջ ցարդ կատարած է 246 մրցում, նշանակած 23 կոլ եւ կատարած նոյնքան էսիսթ:
Նշենք, որ ան Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին հետ իր մասնակցութիւնը բերած է 5 մրցումի:


