Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Ռապըրթ Մենենտեզ անդրադարձած է Բերձորի միջանցքին մէջ տեղակայուած անօրինական անցակէտին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ արցախցի երեք երիտասարդներու առեւանգման:
Ծերակուտականը յանձնախումբի «Էքս»-ի ընկերային ցանցի էջին վրայ առեւանգումի արարքը որակած է իբրեւ «զազրելի պահուածք»:
«Խորապէս անհանգստացած ենք, որ Ազրպէյճանը կը շարունակէ իր զազրելի պահուածքը, որ ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հայերը վախցնելուն, մարդասիրական օգնութեան մուտքի արգելքին եւ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի կարեւորագոյն գործունէութիւնը խաթարելուն: Ասիկա անընդունելի է», գրուած է Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի էջին վրայ:


