Գերմանիոյ Տիւսելտոլֆ քաղաքին մէջ աւարտեցաւ արագ ճատրակի աշխարհի խմբային ախոյեանութիւնը, որ տեղի կ՛ունենար առաջին անգամ ըլլալով:
Նախավերջին հանգրուանի մրցումներուն, Հայաստանի հաւաքականը, որ մրցեցաւ «Էշտոտ Էլիթ Չես Քլապ» խումբին դէմ, արձանագրեց` 4-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Շանթ Սարգսեան եւ Մամիկոն Ղարիբեան յաղթանակ արձանագրեցին, իսկ Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Էլինա Դանիէլեան եւ Ալպերթօ Աթոյեան` հաւասարութիւն:
Վերջին հանգրուանին Հայաստանի հաւաքականը 3,5-2,5 արդիւնքով յաղթելէ ետք հնդկական «Սիքս Փեք» խումբին, գրաւեց դասաւորման դիրքը` առաւելագոյն 24 կէտէն ապահովելով 17 կէտ:
Ալպերթօ Աթոյեան յաղթանակ արձանագրեց, մինչ Գաբրիէլ Սարգսեան, Հայկ Մ. Մարտիրոսեան, Շանթ Սարգսեան, Մամիկոն Ղարիբեան եւ Էլինա Դանիէլեան` հաւասարութիւն:
Տիտղոսին տիրացաւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. ԱՐ. Չես» խումբը, որ ապահովեց 22 կէտ:
Մրցաշարքի մրցանակային հիմնադրամը 250 հազար եւրօ էր:


