Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Աստուածածնայ Աւետման Տօնին Առիթով Դասական Երգերու Համերգ

March 27, 2012
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ հայ կաթողիկէ համայնքի Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին, կազմակերպութեամբ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ – Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ եւ Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ կիրակի, 25 մարտ 2012-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին, ՀԿՄ-ի «Արարատեան» սրահին մէջ Ս. Աստուածածնայ Աւետման տօնին առիթով տեղի ունեցաւ դասական երգերու համերգ` կատարողութեամբ լիբանանահայ թենոր Ճոնի Կէօքճեանի, մասնակցութեամբ սոփրանօ Միրէյ Քիւթիւքճեանի եւ դաշնակի  ընկերակցութեամբ Կարինէ Կակոսեանի:

Ձեռնարկին բարի գալուստի խօսքը արտասանեց Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցւոյ հովիւ հայր Վարդան վրդ. Գազանճեան: Ան յոյս յայտնեց, որ Պէյրութի հայ կաթողիկէ երկու եկեղեցիներուն գործակցութեամբ սոյն տօնին նշումը աւանդութիւն դառնայ` աւելցնելով, որ առաջին փորձառութիւնն է երկու ժողովրդապետութիւններուն միջեւ կապը, որ զարգացաւ սոյն ելոյթով: Հայր Վարդան Գազանճեան հաստատեց, որ երկու ժողովրդապետները համոզուած են, որ եթէ եկեղեցւոյ մէջ երաժշտութիւն կ՛ուզենք` ներդաշնակութիւն պէտք է ըլլայ, եւ եթէ եկեղեցական յարաբերութեան մէջ իմաստ կ՛ուզենք` եկեղեցական իշխանութեան կշռոյթ պէտք է ըլլայ:

Այնուհետեւ Ճոնի Կէօքճեան մեկնաբանեց 11 երգեր, Ֆրանքէն, Շուպերթէն, Սպենդիարեանէն, Վերտիէն, Այվազեանէն, Խաչատուրեանէն եւ այլ յօրինողներէ` արժանանալով ներկաներուն բարձր գնահատանքին: Միրէյ Քիւթիւքճեան իր կարգին մեկնաբանեց երեք երգեր` դարձեալ արժանանալով ներկաներուն գնահատանքին: Աւարտին Ճոնի եւ Միրէյ մեկնաբանեցին «Քոն թէ փարթիրօ» եւ «Եասամանի ծառին տակ» զուգերգները, որոնք մեծ հաճոյքով ունկնդրուեցան ժողովուրդին կողմէ եւ մեծապէս գնահատուեցան:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ հովիւ Րաֆֆի քհնյ. Օհաննէսեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան:

Ձեռնարկը փակուեցաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին պահպանիչով:

Նախորդը

Ազգային Իշխանութեան Ուսումնական Խորհուրդ. «Հայատառ Գրենք» Մրցանքը` Երկրորդ Շաբաթն Ըլլալով

Յաջորդը

Երջանկայիշատակ Յովհաննէս-Պետրոս Ժը. Պատրիարքին Նուիրուած Ակադեմական Յուշահանդէս Եւ Մեսրոպ Հայունիի Նորատիպի Շնորհահանդէս

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։