Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի 21 տարեկանէն վար հաւաքականը 4 սեպտեմբերէն սկսեալ պիտի սկսի նախապատրաստուիլ 2025-ի Եւրոպայի ախոյեանութեան զտումի մրցումներուն:
21 տարեկանէն վար ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Ռաֆայէլ Նազարեան այս հաւաքին եւ մրցումին համար նկատի առաւ 25 ֆութպոլիստի:
Նշենք, որ 8 սեպտեմբերին Աբովեանի Վահագն Թումասեանի անուան մարզադաշտին մէջ Հայաստան պիտի հիւրընկալէ Ալպանիան, իսկ 12 սեպտեմբերին` Մոնթենեկրոն:


