Ռէալ Մատրիտի նախկին միջնապահ Էտեն Հազար շատ հաւանաբար աւարտէ ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը, այս մասին յայտնեց «Ֆութ Մերքաթօ»:
Մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին 32 տարեկան ֆութպոլիստով հետաքրքրուած էին ֆրանսական Նիսը, Մարսէյն ու Լիլը, առանց սակայն կարենալ համաձայնութեան գալու ֆութպոլիստին հետ:
Պելճիքացին կը մտածէ աւարտել ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը` մերժելով վեց այլ ակումբներու առաջարկներ ալ:
Նշենք, որ Պելճիքայի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստը, Ռէալ Մատրիտի հետ իր պայմանագրութիւնը խզելէն ետք, կը մնայ առանց ակումբի:


