Հայաստանի թեքուանտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Սարգիս Սարգսեան պրոնզ մետալի մը տիրացաւ Էսթոնիոյ մայրաքաղաք Թալլինի մէջ տեղի ունեցած թեքուանտոյի միջազգային մրցաշարքին:
68 քկ դասակարգի մրցումներուն մասնակցած Սարգսեան, այս մրցաշարքին արձանագրեց երեք յաղթանակ:
Սարգսեան, որ իրեն մարզիչ ունի Գէորգ Դանիէլեանը, շուրջ ամիս մը առաջ արծաթ մետալի տիրացած էր Խրուաթիոյ մէջ տեղի ունեցած Եւրոպայի ուսանողական խաղերուն:


