Միացեալ Նահանգներու ֆութպոլի ախոյեանութեան («Մէյճըր Լիկ») 26-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Ինթեր Մայեմի, որ հիւրը եղաւ Նիւ Եորք Ռետ Պուլզին, արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աշխարհի ֆութպոլի ախոյեան, Արժանթինի ազգային խումբի յառաջապահ Լիոնել Մեսսի, որ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր, դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին, մինչ մրցումը կ՛ընթանար ի նպաստ անոր կազմին` 1-0 արդիւնքով:
Այսպիսով, Մեսսի «Մէյճըր Լիկ»-ի մրցումներուն գծով իր նորամուտը նշեց կոլով մը, երբ 89-րդ վայրկեանին արդիւնքը վերածեց 2-0-ի:
Արեւելեան շրջանին մէջ, Ինթեր Մայեմի, որ 21 կէտով կը գրաւէ ընդհանուր դասաւորման 14-րդ եւ նախավերջին դիրքը, վերջին 11 մրցումներուն յաղթանակ չէր կրցած արձանագրել:
Առաջին դիրքը 54 կէտով կը գրաւէ Սինսինաթի, մինչ երկրորդ դիրքը 43 կէտով Ֆիլատելֆիա Իւնիոն:


