Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ապտալլա Պու Հապիպ, սերտելէ ետք այն որոշումը, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ կը քննարկուի` երկարաձգելու համար հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն առաքելութիւնը, հաստատեց, որ Լիբանան կը մերժէ զայն:
Պու Հապիպ նշեց, որ որոշումը մերժելի է, որովհետեւ ան չի նշեր ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն եւ լիբանանեան բանակով ներկայացուած Լիբանանի կառավարութեան միջեւ աշխատանքները համադրելու եւ գործակցելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս որ նշուած է ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու աշխատանքային համաձայնագիրին` SOFA-ի մէջ:
Պու Հապիպ շեշտեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը երկարաձգելու պահանջը կը ներկայացնէ Լիբանանի կառավարութիւնը: «Հետեւաբար Լիբանան կը մերժէ օրինականացնել ՄԱԿ-ի վեցերորդ յօդուածէն եօթներորդ յօդուած անցումը: ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերը վեցերորդ յօդուածին եւ ՄԱԿ-ի կողմէ 2006-ին հրապարակուած թիւ 1701 բանաձեւին իբրեւ գործադրութիւն` տագնապը խաղաղ ձեւերով լուծել ջանացող ուժեր են եւ ոչ թէ եօթներորդ յօդուածին համաձայն բռնի ուժով որոշում պարտադրող ուժեր», ընդգծեց Պու Հապիպ:


