Ուրբաթ, 25 օգոստոս 2023-ին, 85-ամեայ Թալալ Սալման կնքեց իր մահկանացուն: «Սաֆիր» օրաթերթի հիմնադիր Թալալ Սալման փոքր հասակէն կլանուած եղած է տեղեկատուական աշխատանքով եւ մամուլով:
Տակաւին երիտասարդ Թալալ Սալման Պեքաայէն փոխադրուած է Պէյրութ, ուր ան սկզբնական շրջանին իբրեւ սրբագրիչ եւ ապա լրագրող աշխատակցած է «Շարք», «Հաուատես», «Սայեատ», «Մուհարրեր» եւ «Ահատ» թերթերուն:
Թալալ Սալման իր կարծիքներուն եւ տեսակէտներուն համար քանի մը անգամ բանտարկուած է:
1974-ի գարնան Սալման իրագործեց իր երազը եւ հիմնեց ու հրատարակեց «Սաֆիր» օրաթերթը, որ վերածուեցաւ այն ամպիոնին, որուն ընդմէջէն ան կ՛արտայայտէր իր տեսակէտներն ու կեցուածքները, ինչպէս նաեւ արաբական քաղաքական ուղեգիծը:
«Սաֆիր» օրաթերթը հրատարակուեցաւ «Լիբանանի օրաթերթը` արաբական աշխարհին մէջ եւ արաբական աշխարհի օրաթերթը` Լիբանանի մէջ», ինչպէս նաեւ «Ձայն չունեցողներուն ձայնը» կարգախօսներով:
Թալալ Սալման ստացած է շարք մը մրցանակներ եւ շքանշաններ: «Սաֆիր» օրաթերթի հիմնադրութեան 30-ամեակին` 2004-ին, ան մեծարուեցաւ Լիբանանի տարածքին գործող մեծ թիւով մշակութային կազմակերպութիւններու կողմէ:
2009-ի մայիսին Տուպայի արաբական տեղեկատուութեան տնօրէն խորհուրդը անոր յանձնեց «Տարուան տեղեկատուական մարզի անձնաւորութիւնը» մրցանակը` գնահատելով հինգ տասնամեակներ շարունակ արաբական աշխարհին մէջ իրագործած անոր խմբագրական աշխատանքն ու մտաւորական վաստակը, յատկապէս ինչ կը վերաբերի արաբական ճակատագրական դատերուն:
Թալալ Սալման ամուսնացած է Աֆաֆ Ասաատի հետ եւ ունի չորս զաւակ:
Սալմանի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ անոր ծննդավայրին` Շամասթարի մէջ, Պաալպեք:
Նշենք, որ լիբանանցի պետական եւ բարձրաստիճան մեծ թիւով անձնաւորութիւններ ցաւակցութիւն յայտնեցին Սալմանի ընտանիքին` բարձր գնահատելով անոր վաստակն ու սգալով անոր կորուստը:
Իր կարգին, խմբագիրներու սենտիքայի նախագահ Ժոզեֆ Քսսայֆի գուժեց Թալալ Սալմանի մահը` հաստատելով, որ ձայն չունեցողներուն ձայնը հանդիսացողը հեռացած է:


