Հըզպալլայի յարաբերական հարցերու պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆա հարցազրոյցի մը ընթացքին յաւելեալ տեղեկութիւններ բացայայտեց Հարաւային արուարձաններու մէջ անձնասպան եղած Ուիսամ Մազեն Տալլայի մասին:
Նշենք, որ շաբաթ մը առաջ` ուրբաթ, 18 օգոստոս 2023-էն շաբաթ, 19 օգոստոս լուսցող գիշերուան ընթացքին Հայէլ Սըլլոմի մէջ Տալլա անձնասպան եղաւ, երբ ան իմացաւ, որ Հըզպալլայէն խմբաւորում մը ներխուժում մը պիտի կատարէ իր բնակած շէնքը:
Իսկ Հըզպալլա ուղղուած էր Տալլան փնտռելու, երբ ստացած էր տեղեկութիւններ, թէ ան Սուրիոյ Թալ շրջանէն է եւ մասնակցած է Դամասկոսի «Սայիտա Զէյնապ» ուխտավայրը պայթեցնելու գործողութեան:
Սաֆա յայտնեց, որ Տալլան է, որ ստանձնած է ականուած մոթորսիքլեթը եւ զայն փոխադրած Դամասկոսի «Սայիտա Զէյնապ» ուխտավայրը` աւելցնելով, որ սուրիական ապահովական կառոյցները հետապնդած են այդ պայթումը գործած ոճրագործները եւ բացայայտած փաստեր ու տուեալներ, թէ Տալլա մեղսակցած է պայթումը կազմակերպելու այդ գործողութեան:
«Տալլա Հայէլ Սըլլոմ շրջանը ընտրած էր, որովհետեւ անիկա մօտիկ է Հըզպալլայի շրջանակին, ինչպէս նաեւ շիիական շրջան է` հետեւելով այն առածին, որ կ՛ըսէ, թէ աւազակին համար ամէնէն ապահով վայրը ոստիկանատունն է: Իսկ Հայէլ Սըլլոմի մէջ բնակարանը ապահովուած է ահաբեկիչ Ուիսամի հօր` Մազեն Տալլայի կողմէ, որ ուղղուած է հարաւային արուարձաններ եւ հոն բնակութիւն հաստատած», ըսաւ ան:
Սաֆա նշեց նաեւ, որ երբ Հըզպալլայի մարտիկները ներխուժեցին Տալլայի բնակած շէնքը, անոնք ձերբակալեցին ահաբեկիչին հայրն ու քեռայրը, մինչդեռ ահաբեկիչ Ուիսամ Տալլա կը գտնուէր տանիքը, ուրկէ հեռաձայնով կը խօսէր: «Երբ ան Հըզպալլայի մարտիկները նշմարեց, վերէն վար նետեց ինքզինք», յայտնեց ան:
Սաֆա նկատել տուաւ, որ Հըզպալլա ապահովական նուաճումներ գործելու ետին չի գտնուիր` աւելցնելով, որ կուսակցութեան պատմութիւնը լեցուն է ապահովական, զինուորական եւ քաղաքական նուաճումներով:
Ան հաստատեց, որ հաւատադրժողական վտանգը առկայ է եւ փաստերու կարիք չունի: «Այսինքն` եթէ Լիբանանի մէջ ՏԱՀԵՇ-ը պայթումներ չի գործեր, անիկա չի նշանակեր, թէ ահաբեկչական այդ կազմակերպութիւնը վերջ գտած է: ՏԱՀԵՇ որոշած է շրջան վերադառնալ, եւ այդ որոշումին գործադրութիւնը սկսած է վերադառնալով Սուրիա, Իրաք եւ Աֆղանիստան: Հետեւաբար ո՞վ կրնայ հաստատել, որ ՏԱՀԵՇ Լիբանանի մէջ ծրագիրներ չի պատրաստեր», հարց տուաւ ան:
Սաֆա նկատել տուաւ, որ ձերբակալուած են Լիբանանի մէջ պայթումներ կազմակերպել միտող առանձին խմբաւորումներ, որոնց անդամները խոստովանած են, թէ պայթումներ գործելու ծրագիրները առկայ են, սակայն կարիքը կար պայթուցիկ նիւթերու եւ սարքերու: «Սա կը նշանակէ, թէ սարքերու եւ պայթուցիկ նիւթերու գոյութեան պարագային ահաբեկչական գործողութիւնները արձանագրուած կ՛ըլլային», յայտնեց ան:
Սաֆա շեշտեց, որ ահաբեկչական գործողութիւններուն թիրախն են լիբանանեան բանակն ու Հըզպալլան, ինչպէս նաեւ լիբանանցի այն անձնաւորութիւնները, որոնք կը մերժեն ՏԱՀԵՇ-ի միտքերը:


