Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խաչպանց

ԽԱՉՊԱՆՑ

August 26, 2023
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳՐԻԳՈՐ ՏՈՒՆԿԵԱՆ

2013-ին Ֆերման Թորոսլարի թրքերէնով հեղինակած «Աքսոր» գիրքին, ամբողջական վերնագրով` «Ապստամբութեան բովէն անցած մութքեցի հայ ընտանիք մը», «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ի գործակցութեամբ եւ օժանդակութեամբ, Մարի Մերտխանեան Եարալեանի կողմէ արեւմտահայերէնի թարգմանուած եւ «Լուսակն» հրատարակչատունէն, Երեւանի մէջ, 2022-ին լոյս տեսած գրքին ընթերցումիս աւարտին արտասովոր փափաք մը մղեց զիս գիրքին բովանդակութեան մասին գոնէ մամուլով իրազեկելու ընթերցասէրները եւ նախաճաշակ մը տալու այս նորատիպին մասին, որպէսզի աշխարհի չորս ծագերու հանրութեան լայն զանգուածներուն հասանելի դառնայ: Հեղինակին ծնողներուն` Ղազարին եւ Գայիանէին, որպէս ծպտեալ հայեր ապրած տարիներուն, նոյնիսկ սեփական տան մէջ, իրենց խօսակցութեան եւ արտայայտութիւններուն մէջ զգուշաւորութեան համար հայկականութեան թէ քրիստոնէութեան ակնարկելու համար գործածած բառամթերքէն փոխ առնելով «խաչպանց» բառը` վերնագրեցի տողերս:

Անոնք յաջողած էին բառի մը մէջ խտացնել պատմութիւն, հաւատամք եւ ինքնութիւն եւ տասնամեակներ գոյատեւած` անկոտրում կամքով: Հեղինակը սեփական ընտանիքի գոյերթի պատումով վաւերական փաստագրումը կը կատարէ Ցեղասպանութեան տարիներուն զանազան ձեւերով երկիր մնալ յաջողած հատ ու կենտ հայերու վիճակուած ճակատագրին, սեփական երկրին մէջ ըլլալով արմատախիլ, աքսորական եւ անինքնութիւն ապրելու իրավիճակներուն, այլապէս կարելի է ըսել թերեւս, որ հոն առկայ է 1915-էն ետք շարունակուած Ցեղասպանութեան պատմութիւնն ու հայ ինքնութեան պահպանման կամքը, թէկուզ երկար տարիներ ծպտեալ ապրելու ծանրագոյն պայմանները յաղթահարելու ստիպողականութեամբ:

Նորատիպը նեղ յուշագրութիւն մը ըլլալէ շատ անդին` Ցեղասպանութենէն մինչեւ մեր օրերը շարունակուող ամենաերկար հերոսամարտի պատմութիւնն է, որ տեսերիզի մը նման հեղինակին հաղորդականութեան շնորհքով համեմուած, լայն դիտանկիւնով, իւրաքանչիւր հատուածի ընթերցումին հետ կը պատկերանայ մեր աչքերուն առջեւ: Գործողութիւններու դաշտը միայն հեղինակին ծննդավայրը չէ, այլ բռնագրաւուած համայն Արեւմտահայաստանն է, իսկ գործող հերոսները միայն Թորոսլար ընտանիքի անդամները չեն, այլ` բռնի թրքացման դէմ անդուլ պայքարող իրաւազրկեալ մեր ժողովուրդի այն հատուածը, որ երկիր մնալով հանդերձ, դարձաւ աքսորական, արմատախիլ, քեմալական հանրապետական Թուրքիոյ վերաբնակեցման որոշումներով ուղղակի չսպաննուեցաւ, բայց անոր պարտադրուեցաւ կրօնափոխ դառնալ. երբեմն այդ մէկը կատարուեցաւ հասնելով մինչեւ թրքացման, պետական փաստաթուղթերու մէջ առանց իսկ ենթականերուն գիտութեան, ակամայ բռնի համաթրքացման ֆերմաններով (հրահանգագրերով): Գողցուեցաւ անոր ազգային պատկանելիութեան իրաւունքը, մինչեւ իսկ փոխուեցաւ անունը: Ինքնութիւնը ապրեցաւ ծպտեալ, բայց պահեց հայ ըլլալու գիտակցութիւնը իր էութեան մէջ` հակառակ զայն իրմէ խլելու թուրք պետութեան հետեւողական բռնամիջոցներուն կիրարկումին, չենթարկուեցաւ իր հողը կեղեքողին եւ հնարաւոր բոլոր միջոցներով տարերային կերպով դիմադրեց թրքացումին, մինչեւ իսկ ճնշեալ այլ փոքրամասնութիւններու կողքին մասնակից դարձաւ ցեղասպան բռնակալի դէմ ծագած ապստամբութեան` տեւաբար մերժելով ցեղասպանին հետ գործակցութեան ուղին, մինչ այսօր ոմանք ընտրած են զայն կամովին:

Հատորին հեղինակումը խիզախութիւն է, թրքերէն բնագրին «Արաս» հայկական հրատարակչատան կողմէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հրատարակութիւնը յանդուգն նախաձեռնութիւն է: Աքսորը համայն Թուրքիոյ մէջ ծպտեալ հայերու շարունակուող հերոսամարտի վաւերական նորագոյն փաստագրումն է, իսկ «Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոն»-ին կողմէ արագ արձագանգով զայն արեւմտահայերէնի թարգմանելու իրագործումը մեր ներազգային բնագաւառին մէջ համադրուած ու նպատակային աշխատանք ծաւալելու ունակութեան եւ հնարաւորութիւններու առկայութեան վերյիշեցումն է:

Լեզուի մասնագէտ չըլլալով հանդերձ, չեմ կրնար չդրուատել թարգմանութեան դիւրահաղորդ լեզուն:

Համացանցային հարթակներով հեղեղուած մեր օրերուն մէջ օգտաշատ ու հաճելի ընթերցում կը ցանկամ բոլոր գրքասէրներուն:

Ազգային պահանջատիրութեան նուիրական գործին մէջ հաշուառելի գործօն է Երկիր ապրող մեր ժողովուրդի պայքարունակ այս հատուածը, որուն մարդկային տարրական իրաւունքներու ապահովման եւ ազգային ինքնութեան պահպանումին սատարելու բարոյական պարտաւորութիւնը ունինք ազգովին:

Արազի երկու ափերուն երկիրն է մեր սուրբ:

16 Օգոստոս 2023
«հորիզոն»

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Արցախի Կարգավիճակը Ձեւի Եւ Բովանդակութեան Հոլովոյթում

RelatedPosts

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին
Անդրադարձ

Վերամուտը` Դասարանէն Անդին

September 15, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Աւազակապետութիւնը` Լիբանանի Մէջ. Ջուրէն Մինչեւ Աղբ

September 15, 2026
Ապրուած Օրեր.  Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն
Անդրադարձ

Ապրուած Օրեր. Բ. Մեծ Հօրս Մեծ Հին Ռատիոն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.