Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լահպիպի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Պայրամով Դարձեալ Խօսած Է «Զանգեզուրի Միջանցք»-ին Մասին

August 26, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով 24 օգոստոսին Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած է Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարար Հաժա Լահպիպի հետ:

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ազրպէյճանական դիւանագիտութեան պետը հանդիպումի ընթացքին խօսած է նաեւ այսպէս կոչուած «Զանգեզուրի միջանցք»-ին մասին:

«Արեւելք-արեւմուտք միջանցքի եւ ատոր աճող դերակատարութեան մասին խօսելով` պելճիքացի նախարարը տեղեկացուած է, որ ստեղծուած նոր կացութեան առնչուած կարելիութիւններ կան, ներառեալ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի օգտագործումը` իբրեւ Արեւելք-Արեւմուտք միջանցքի նոր ճիւղ», ըստ ԱՓԱ-ին յայտարարած է Պայրամով:

Նախքան այդ, ազրպէյճանական լրատուամիջոցները հաղորդած էին, որ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պիտի չընդունի Պելճիքայի արտաքին գործոց, եւրոպական հարցերու եւ արտաքին առեւտուրի, դաշնակցային մշակութային հաստատութիւններու նախարար Հաճա Լահպիպը` վերջինիս «հայամէտ դիրքորոշումին» համար:

Պելճիքական դիւանագիտութեան պետը շրջան այցելութեան ընթացքին 24 օգոստոսին հասաւ Ազրպէյճան: Աւանդութեան համաձայն, Ալիեւ կ՛ընդունի Պաքու հասած օտարերկրեայ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները, սակայն հայամէտ դիրքորոշումին պատճառով որոշած է Լահպիպը չընդունիլ:

Ըստ տարածուած հաղորդագրութեան, «Հայաստան կատարած իր այցելութեան ժամանակ Լահպիպ կատարած է յայտարարութիւններ, որոնք չեն համապատասխաներ իրականութեան»:

Յիշեցնենք, որ Պելճիքայի արտաքին գործոց նախարարը Հայաստան այցելած էր 22 օգոստոսին:

 

Նախորդը

«Մենք Կ՛աջակցինք Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութեան» Կ՛ըսէ Իրանի Դեսպանը

Յաջորդը

Ստեփանակերտը Կը Դիմէ Ռուսական Կողմին Պաքուի Հետ Անվտանգ Վայրի Մէջ Հանդիպում Կազմակերպելու Առաջարկով

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.