Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը կ՛աջակցի Հայաստանի գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան: Այս մասին «Սփութնիք Արմենիա»-ի հաղորդումով Երեւանի մէջ տնտեսական ցուցահանդէսի ժամանակ յայտարարած է Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանին:
«Մենք այդ ուղղութեամբ քայլերու պիտի ձեռնարկենք», ըսած է դեսպանը:
Անոր համաձայն, Իրան պիտի ձգտի բոլոր ոլորտներուն մէջ զարգացնել Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները:
Դեսպանը նաեւ ընդգծած է, որ ներկայիս Իրանի հետ տարեկան ապրանքաշրջանառութիւնը 700 միլիոն տոլար է, սակայն երկիրները նպատակ ճշդած են զայն մինչեւ 3 միլիառ տոլարի հասցնելու:


