Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Վլատիմիր Փութինի հանդիպումը կը նախատեսուի Սոչիի մէջ, իսկ հաւանական օրը 4 սեպտեմբերն է, ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած է Թուրքիոյ դիւանագիտական աղբիւրը:
Թուրքիոյ իշխանութիւնները մինչ այդ չէին նշեր Էրտողանի այցելութեան թուականը: Ինք` թուրք ղեկավարը, չէր բացառած սեպտեմբերին Փութինի հետ հանդիպումը:
«Միլլիեթ» օրաթերթը հինգշաբթի օր հաղորդած էր, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան սեպտեմբերին պիտի այցելէ Մոսկուա` հացահատիկի գործարքի վերսկսման շուրջ բանակցելու համար: Ֆիտան 25 օգոստոսին պիտի այցելէ Քիեւ, ուր նոյնպէս պիտի քննարկէ այդ հարցը:


