Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Լիբանանը` Քաոսացման Եւ Վերահսկելիութեան Արանքին

August 25, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներլիբանանեան իրադարձութիւններու հակասական պատկեր մը երեւութապէս մտածել կու տայ իրարու հետ աղերս չունեցող եւ տարբեր ուղղութիւններով մեկնող գործընթացներու մասին:

Ֆրանսացի պատուիրակին Լիբանան վերադարձի նախօրեակին կ՛արծարծուի առաքելութեան անկարելիութեան եւ Տոհայի միջնորդական կարգավիճակի վերստանձնման մասին: Այդ կը նշանակէ մագոգային հանդիպումներու նոր արշաւ, նոր թեկնածուներու առաջադրման կարելիութիւն: Տոհան Իրանի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ կամրջումներ կատարող մայրաքաղաք է, որ նաեւ սերտ յարաբերութիւններ ունի Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ հետ: Իսկ Ֆրանսան բազմիցս արձանագրած է, որ տնտեսական որոշակի կախեալութիւն ունի Քաթարէն, որուն նիւթական շարունակական  յատկացումներուն անհրաժեշտութիւնը ունեցած է եւ յայտնաբար ունի տակաւին: Այս առումով ալ Փարիզի զիջումը Տոհային կամ իրար միջեւ դերերու բաշխումը չեն բացառուիր:

Ֆրանսան սակայն այլապէս ներկայ է Լիբանանի մէջ, այս պարագային հորատումի աշխատանքներուն ստանձնումով: Ի վերջոյ «Թոթալ»-ը Ֆրանսայի քաղաքական ազդեցութիւնն է Լիբանանի մէջ, եւ ֆրանսական հոգատարութիւնը այդ կը յուշէ:

Նախագահի ընտրութեան անորոշութիւն, կառավարութեան կիսագործունեայ վիճակ, հրաժարեալ վարչապետով, անորոշ լիազօրութիւններով եւ կառավարութեան կազմի մէկ հատուածի ներգրաւումով միայն, այդուհանդերձ շատ հիմնական որոշումներով` յատկապէս ընդծովեայ ուժանիւթի պեղման աշխատանքներու ծայր առնելով:

Կարեւորագոյն որոշում է նաեւ պաշտօնական Պէյրութի դիրքորոշումը ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ առաքելութեան նոր ժամկէտի ճշդումի առումով: Խնդիրը այս պարագային միջազգային ընտանիքի որոշած ՄԱԿ-ի խաղաղապահ ուժերու լիազօրութիւններու ընդարձակման կը վերաբերի եւ այդ առումով` լիբանանեան նկատողութիւններուն:

Եթէ պահ մը զանց առնենք Պէյրութը ներկայացնող պատուիրակին Նիւ Եորք մեկնումի ուշացման պատճառները, կը նկատենք, որ Լիբանանը միջազգային ընտանիքին կողմէ կը մնայ ներգրաւուած Ապահովութեան խորհուրդի նոր որոշումին` ՄԱԿ-ի ուժերու առաքելութեան երկարաձգման առումով: Խնդիրը այս պարագային լիբանանեան բանակի լիազօրութիւններու կրճատման կը վերաբերի զինուորական ճշդուած գօտիի մէջ: Չմոռնանք սակայն, որ լիբանանեան բանակը իբրեւ պետական հաստատութիւն կը շարունակէ կրել միջազգային, յատկապէս Ուաշինկթընի հոգատարութիւնը: Լիբանանեան մամուլը շատ կը խօսի նախագահի ընտրութեան առկախման եւ լիբանանեան բանակի հրամանատարին պաշտօնավարման  միջեւ ժամանակի զուգահեռներուն մասին:

Ֆինանսական առումով կար վերլուծական նախատեսութիւն, որ Կեդրոնական դրամատան կառավարիչի պաշտօնավարման աւարտով կրնար թափուր մնալ բոլոր ժամանակներէն աւելի ճակատագրական նշանակութիւն ստացած այդ դիրքը` տեղի տալով ծանրագոյն հետեւանքներու այս մարզին մէջ: Առաջին փոխկառավարիչին պատասխանատուութիւնը ստանձնել-չստանձնելու պարանաձգումը աւարտեցաւ լիազօրութիւններու ստանձնումով: Լիբանանեան դրամանիշը կայունութեան սահմաններուն մէջ է: Առայժմ կասեցուած է արժեզրկման գահավիժումը:

Այս օրինակներուն կրնան հետեւիլ եւ մէջբերուիլ տակաւին շատեր: Ասոնք բաւարար են ընդհանուր հակասութիւններու պատկերը պարզելու համար: Բաւարար են հետեւութիւն ընելու, որ Լիբանանը կը տուայտի մէկ կողմէ քաոսացման, միւս կողմէ վերահսկելիութեան եւ բեկումնային որոշումներու մեկնարկներու կանաչ լոյս տուող գործընթացներու միջեւ: Պետական հաստատութիւններու կաթուածահար վիճակին մէջ, հորատումի աշխատանքներու մեկնարկը, ՄԱԿ-ի ուժերու աշխատանքի երկարաձգման որոշումը եւ ֆինանսական վիճակի կայունացման գործօնները այդ հաստատումի հիմնաւորումներն են: Գոնէ` այս պահու դրութեամբ:

«Ա.»

Նախորդը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի Նախագահը Հանդիպած Է Արցախի Հանրապետութեան Հանրային Խորհուրդի Անդամներուն Հետ

Յաջորդը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.