Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մուրատ Փափազեան. «Կ՛ակնկալեմ, Որ Դատարանը Կը Պարտադրէ Իշխանութիւններուն Հիմնաւորել Իմ` Հայաստան Մուտք Գործելու Արգելքը»

August 22, 2023
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Հայաստանի Վարչական դատարանին մէջ Հայաստան մուտքի արգելքի որոշումի վիճարկումին համար սկսած նիստէն առաջ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Յոյսով եմ երկուշաբթի, 21 օգոստոսին, ժամը 15:00-ին (Հայաստանի ժամանակացոյցով) մեկնարկելիք նիստին Վարչական դատարանը Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան ծառայութենէն յստակ պատասխան կը պահանջէ, թէ ինչո՛ւ ինծի արգիլած են մուտք գործել Հայաստան:

Տարբեր պաշտօնական վարկածները մէկ տարիէ աւելի կը հակասեն մէկզմէկու: Ի վերջոյ, պատճառաբանուեցաւ «պետական գաղտնիքը»: Այժմ ժամանակն է բացայայտելու իրական դրդապատճառները, որոնք դրդած են վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին` երթալու այս քայլին: Ես միակը չեմ, քանի որ Հայաստան վերադառնալու իմ արգելքէն քանի մը օր անց նոյն ճակատագիրին արժանացան Սիւնէ եւ Մասիս Աբրահամեանները, քանի մը ամիս անց` Նժդեհ Գարագաւորեանը, Ասլան Ասլանեանը եւ Արենի Մարկոսեանը: Բոլորն էլ Դաշնակցութեան անդամներ են:

Հասկնալի է` խախտուած են իրաւունքի եւ ժողովրդավարութեան հիմնարար սկզբունքները: Ազատութիւններու եւ ժողովրդավարութեան դրօշները ծածանելով իշխանութեան եկած Նիկոլ Փաշինեանը ամէն քայլափոխի կ՛ոտնահարէ զանոնք:

Հայաստանի, Արցախի եւ Հայ դատի պաշտպանութեան ծառայելու իմ 40 տարուան յանձնառութիւնս հիմնուած է խոր համոզմունքներու վրայ: Եւ անկախ ամէն ինչէ ես պիտի շարունակեմ իմ պայքարս Հայաստանի եւ Արցախի համար` բոլոր կարելի հարթակներուն մէջ: Յանուն Հայաստանի եւ Արցախի ժողովուրդի անվտանգութեան եւ անկախութեան է, որ մենք պէտք է շարունակենք պայքարը: Կառավարութիւնները կ՛անցնին, ժողովուրդը կը մնայ: Հայաստանը Նիկոլ Փաշինեանի մասնաւոր սեփականութիւնը չէ: Օրէնքի գերակայութիւնը ունի իր կանոնները, եւ Նիկոլ Փաշինեանը խախտած  է զանոնք:

Մենք կ՛ակնկալենք, որ Հայաստանի արդարադատութիւնը կը պարտադրէ իշխանութիւններուն` հրապարակել իմ մուտքի արգելքի պատճառները:

Դատական նիստը, որ տեղի պիտի ունենայ երկուշաբթի, 21 օգոստոսին, ժամը 15:00-ին, էական նշանակութիւն պիտի ունենայ Հայաստանի ժողովրդավարական մակարդակը որոշելու համար: Իմ վճռականութիւնս անսասան է: Եթէ Հայաստանի արդարադատութիւնը ցոյց տայ այս խնդիրը լուծելու իր անկարողութիւնը, ես Հայաստանի կառավարութեան դէմ կը պատրաստուիմ դատական հայց ներկայացնել Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին մէջ»:

ՄՈՒՐԱՏ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու
 համակարգող խորհուրդի համանախագահ

Փարիզ, 21 օգոստոս, 2023․

 

Նախորդը

Ըստ Պաշտպան Փաստաբանին. Մուրատ Փափազեանի` Հայաստան Մուտքի Արգելքը Կապուած Է Անոր Հայրենասիրական Գաղափարախօսութեան Հետ

Յաջորդը

Յակոբ Տէր Խաչատուրեան. «Սփիւռքահայերու «Սեւ Ցուցակ» Պէտք Չէ Ըլլայ»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.